2016-08-06 10:36:00

Հայաստանի մԷջ առաջին անգամ կը կազմակերպուի «Մեծ ամառնային ճամբար»


Առաջին անգամ Հայաստանի մէջ` «Կլոպալ Պրիճ» ուսումնական կեդրոնը եւ USC Armenia ընկերութիւնը ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ  կը կազմակերպէ «Մեծ ամառնային ճամբար» «USC Summer school 2016»` աշխարհի մէջ մեծ ճանաչում ունեցող կրթական ձեւաչափին համապատասխանող նախագիծը, որ ունի միջկարգապահական սոցիալ-ուսուցողական ուղղուածութիւն եւ նպատակ  կը հետապնդէ Հայաստանի մէջ իրականացնել միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող ամառնային դպրոց (Summer School):

Ծրագիրի 2016-ի ուսումնական շրջանը նախատեսուած է ինչպէս հայաստանեան, այնպէս ալ անոր սահմաններէն դուրս գտնուող համալսարաններու  ուսանողներու համար: Նախագիծի իրականացումը միտուած է Հայաստանի մէջ ուսանողներուն կապել եւ կամուրջ ստեղծել սփիւռքահայ / եւ ոչ միայն/ ուսանողներու հետ ամբողջ աշխարհի մէջ, անով իսկ նպաստելով ոչ միայն հայապահպանման կարեւոր առաքելութեան, այլ նաեւ Հայաստանը հերթական անգամ աշխարհին ներկայացնել, որպէս նոր գիտակրթական նախագիծերու կեդրոն:

Նախագիծի ծիրէն ներս իւրաքանչիւր մասնակից հնարաւորութիւն ունի ընտրելու  եւ այնուհետեւ ծրագիրի ծիրէն ներս  ուսումնասիրելու իրեն հետաքրքրող թեմաները:

Ծրագիրի ծիրէն ներս դասախօսութիւններով հանդէս կու գան Հայաստանի եւ Եւրոպական շարք մը համալսարաններու դասախօսներ ամենատարբեր բնագաւառներու`  ձեւաւորման, բնապահպանութեան, փիլիսոփայութեան, հոգեբանութեան, լեզուական եւ IT ոլորտի մասնագէտներ:

Ամառնային դպրոցի ընթացքին կ’իրականացուին բազմաբնոյթ համագումարներ, վարպետութեան դասեր, փորձնական նախագիծերու քննարկումներ եւ հետազօտութիւններ, ինչպէս նաեւ` լեզուներու ուսուցում, մարզական ձեռնարկներ, պարի, կերպարուեստի  դասեր:

Ուսումնական ծրագիրին զուգահեռ կ’իրականացուին նաեւ մշակութային ձեռնարկներ. համերգներ, լուսանկարչական ցուցահանդէսներ, ֆիլմի դիտումներ

Մասնակիցները անմոռանալի օրեր կ’անցնեն Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերէն մէկուն` Հանքաւանի մէջ:

Ամառնային երկշաբաթեայ դպրոցը պիտի մեկնարկէ Սեպտեմբեր 20-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.