2016-08-05 10:01:00

Ֆրանչիսկեան Հայր Ֆրանսեսկօ Փաթոյի առաջին այցելութիւնը Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան


3 Օգոստոսի առաւօտեան, Սուրբ Երկրի նորընտիր պահակ՝ հայր Ֆրանսեսկօ Փաթօ, իր առաջին այցելութիւնը կատարեց Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան եւ հանդիպում ունեցաւ պատրիարք հօր հետ: Հանդիպման ընթացքին պատրիարքը շնորհաւորելով նորընտիր քիւսթոտը, անդրադարձաւ Հայոց պատրիարքարանի եւ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան լաւ յարաբերութիւններուն: Հայր Փաթօ շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար վստահեցուց, որ բարի դրացիական յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին նաեւ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ Քրիստոսի լուսաբուխ գերեզմանի նորոգութեան աշխատանքներուն եւ Հռոմի Ֆրանսիս պապին Հայաստան կատարած այցին:








All the contents on this site are copyrighted ©.