2016-08-05 10:50:00

Լահհամ Պատրիարքին հրաւէրը՝՝ աղօթքով պայքարիլ ահաբեկչութեան դէմ՝՝։


(Ռատիօ Վատիկան)  Օգոստոս ՝1-էն - 14 երկարող օրերուն  տեղի կ՛ունենայ՝՝Փարաքլսի՝՝ աղօթքի ձեռնարկը։ Անտիոքի , համայն միջին Արեւելքի, Աղեքսանդրիոյ եւ երուսաղեմի Յոյն Կաթողիկէ (Մելքիթներու) Գրիգոր Գ Լահհամ Պատիարքը  հրաւէր ուղղեց հաւատացեալներուն,  որուն մէջ խնդրեց անոնցմէ աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ պայքարիլ ահաբեկչական ծովածաւալ  հոսանքին դէմ։ 

Սիր լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ , Մելքիթներու Պատրիարքը   իր յղած  կոչին մէջ  անդրադարձած է  նաեւ Գերմանիոյ մէջ ահաբեկչական յարձակումներուն,  Ֆրանսայի Ռուեն քաղաքին կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ  գործուած վայրագութեան ինչպէս նաեւ Սուրիոյ վերջին  ողբերգութիւններուն մասին։ Ան ապա

Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխման տօնին ի տես,  հրաւէր ուղղած է հաւատացեալներուն ծոմ պահելու եւ աղօթելու,   որպէսզի Տիրամայրը իր բարեխօսութեամբ կարենայ դադրեցնել ահաբեկչական ու ոճրային արարքները։

Պատրիարքը ապա իր ցաւակցութիւնը յայտնած է  Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի  ապահովեցնելով իր աղօթքը զոհերուն համար,   ու վիրաւորներուն մաղթելով՝ արագ ապաքինում ինչպէս նաեւ  մեր երկիրներուն մէջ  խաղաղութեան վերահաստատումին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.