2016-08-05 08:04:00

Ասսիզի. Ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալ հրաւէրը ապաշխարութեան խորհուրդը մատակարարելու։


(Ռատիօ Վատիկան) Ասսիզիի Ներումի 800-րդ տարեդարձին առթիւ, Ասսիզի կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, ''Փորցիունքոլայի'' մատրան կից ներկայացուցած խորհրդածութեան աւարտին­ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց ներկայ գտնուող եպիսկոպոսներուն ու քահանաներուն­, երթալու խոստովանարաններուն մէջ ու մատակարարելու ապաշխարութեան խորհուրդը։

''Կը հրաւիրեմ եպիսկոպոսներն ու քահանաները երթալու խոստովանարան, ես ալ պիտի երթամ, տրամադիր ըլլալու համար ներումին։ Լաւ է որ այսօր միասնաբար ընդունինք զայն։ Թող որ Տէրը մեզի շնորհքը ընծայէ արտասանելու այն խօսքը զոր Հայրը չի թողուր որ աւարտենք, այն նախադասութիւնը որ անառակ որդին կ՛ուզէր արտասանել ''Հայր Մեղանչեցի քու….'' ու Հայրը չթողուց որ նախադասութիւնը աւարտի, որդոյն շրթները փակեց եւ զայն ողջագուրեց։

Մենք սկսինք ուրեմն Իրեն ըսել թէ մեղանչեցինք եւ Ինք մեր բերանը պիտի փակէ ու մեզի պիտի հագցնէ։

Բայց Վարդապետ, ես կը վախնամ որ վաղը նոյնը ընեմ։ Հոգ չէ Վերադարձիր։ Հայրը միշտ կը նայի ճամբային, սպասելով անառակ որդոյն վերադարձը։ Բոլորս ալ անառակ որդիներ ենք։ Թող որ Տէրը մեզի պարգեւէ այս շնորհքը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա ուղղուեցաւ Պաիզլիքայի Խոստովանարաններէն մէկուն մէջ ու 19 հաւատացեալներուն (4 սկաուտ, 2 քահանայ, 1 Ֆրանչիսկեան եղբայր, անկար ծերունի տիկին մը ու մի քանի կամաւորներ) իր կարգին մատակարարեց ապաշխարութեան խորհուրդը։

Խոստովանանքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց եպիսկոպոսներն ու Ֆրանչիսկեան եղբայրները ինչպէս նաեւ Փերուճայի Իմամը` ապա այցելեց Ֆրանչիսկեան Վանքի բուժարանը ողջունելու համար այնտեղ խնամուած 10 Ֆրանչիսկեան Հայրեր։ Հուսկ վերադարձաւ Պազիլիքայի մուտքին ու ողջունեց այնտեղ համախմբուած հաւատացեալները ըսելով. ''Շնորհակալ եմ ձեր այս հիւրընկալութեան համար եւ Տիրոջմէ կը խնդրեմ որ ձեզ օրհնէ։ Շնորհակալ եմ ինծի մօտիկ ըլլալու ձեր կամքին։ Եւ մի մոռնաք. Միշտ ներել։ Միշտ։ Ներել սրտանց, ու եթէ կարելի է մօտենալ միւսին, սակայն ներել։ Որովհետեւ եթէ մենք ներենք. Տէրը մեզի կը ներէ, ու մենք բոլորս կարիքը ունինք ներումին։ Ամէնքս կարիքն ունինք։

Սրբազան Քահանայապետը ապա հրաւիրեց ներկաները միասնաբար աղօթելու Սուրբ Կոյս Մարիամին հուսկ անոնց շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.