2016-08-05 11:41:00

2016 տարին Ողորմութեան Սուրբ Տարի


Հայ Եկեղեցւոյ մեծագոյն Հայրապետներէն մին է Յովհաննէս Մանդակունի։ Արշամունեաց գաւառի Ծախնոտ գիւղէն, ծնած է 400 թուականի շուրջ իբր զաւակ Մանդակունիներու նախարարական տոհմին։ Շուրջ 480-499 թուականներուն եղած է Հայոց Կաթողիկոս։ Ղազար Փարպեցիի «Պատմութենէն» ծանօթ է մեզի, թէ Մանդակունի Հայրապետը Վահան Մամիկոնեանի իբր զինակից կը ոգեշնչէ հայ զինուորները Պարսիկներու դէմ մղուած պատերազմներու ընթացքին։ Վահանեանց պատերազմը կʼաւարտի հայերու յաղթանակով։ Նուարսակի դաշինքով պարսիկները կը հրաժարին հայ նախարարներու իրաւունքներու եւ քրիստոնէական դաւանանքի նկատմամբ իրենց կատարած ոտնձգութիւններէն եւ կը ճանչնան Հայաստանի ինքնավարութիւնը։

Յովհաննէս Մանդակունիի արժանիքն է Վաղարշապատի եւ Դուինի տաճարներու վերակառուցումը, եւ ծիսական կարգերու եւ արարողութիւններու բերած մեծ նպաստը՝ ըլլայ թարգմանական կամ հեղինակային գործերով։ Ունի հոգեշահ ճառեր կամ քարոզներ, որոնք հակառակ դարերու իրենց այժմէականութիւնը չեն կորսնցուցած։

Այդ ճառերու շարքին կայ նամակ մը կոչուած «Թուղթ յաղագս ողորմութեան տնանկաց»։ Ողորմածութեան տարւոյն ընթացքին, քարոզներու, յորդորներու եւ  շրջաբերականներու մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը միշտ կը յիշէ աղքատները եւ տնանկները, կը շեշտէ անոնց օգնելու քրիստոնէական պարտականութեան վրայ։ Տնանկներու օգնել ողորմածութեան կարեւոր գործերէն մին է։ Սուրբ Յովհաննէս Մանդակունի կը գրէ՝ «Իսկ ի՞նչ ըսեմ միւս առաքինութիւննեու մասին. ե՛ւ Հին, ե՛ւ Նոր Կտակարաններուն մէջ պատիւի արժանացած է կուսութեան սրբութիւնը, բայց առանց ողորմութեան այն արհամարհուած եղաւ եւ առագաստէն դուրս դրուեցաւ։ Յիմար կոյսերը ո՛չ թէ ողորմութիւն չէին գործած, այլ քիչ գործած էին, եւ այդ բաւական չեղաւ, որովհետեւ գիշերուայ կէսին պակսեցաւ անոնց իւղը, եւ հանգան անոնց լապտերները (Ղուկ ԻԵ. 6-8)։

Այդպէս նաեւ անոնք, ովքեր շատ ստացուածք ունին, բայց քիչ ողորմութիւն կʼընեն, այդ կարող է բաւական չըլլալ անոնց փրկութեան համար, որովհետեւ ողորմութիւնը ըստ ունեցուածքի չափի ընդունելի է. ովքեր շատ ստացուածք ունին, անոնցմէ շատ ողորմութիւն կը պահանջուի. իսկ անոնց որոնց ստացուածքը քիչ է, անոնց սակաւ ողորմութիւնն ալ ընդունելի է։ Ինչպէս որ ուխտի տապանակին համար ոսկի պէտք էր, պէտք էր նաեւ այծի մազ։ Անոնք, ովքեր ոսկի ունէին, բայց մազ կը բերէին, անընդունելի եւ պիղծ կը համարուէր, իսկ անոնք որոնք իչքէր չունէին եւ միայն մազ կը բերէին, ընդունելի էր, Աստուծոյ հաճելի, եւ անոնք կʼօրհնուէին (Ելք ԼԵ. 21-29)։ Որովհետեւ Աստուած ոչ թէ ինչքերու չափին կը նայի, այլ տուողի կամքին. Ան շատէն շատը կʼընդունի եւ իբրեւ շատ, կʼընդունի նաեւ սակաւէն սակաւը՝ իբրեւ շատ։ Որովհետեւ եթէ մէկը տասը դահեկան ունի եւ ողորմութիւն կու տայ մէկ դահեկանը, եւ աղքատը, որ միայն տասը լումա ունի, եւ մէկը կու տայ իրմէ աւելի աղքատին, Աստուծոյ առջեւ նոյնը կը համարուի, բայց չքաւորի տուածը աւելի զարմանալի է, որովհետեւ չքաւոր լինելով՝ հարուստի չափ տուաւ։ Ասոր վրայ նաեւ Յիսուս զարմացաւ. երբ այրի կինը, որ միայն երկու լումա ունէր եւ այն ողորմութիւնը տուաւ, Յիսուս ըսաւ. «Մեծամեծները իրենց ստացուածքներէն աւելորդները բերին, բայց այն տառապեալ այրին իր ամբողջ ունեցուածքը աղքատներուն բաժնեց» (Ղուկ ԻԱ. 3). այդ երկու լուման անոր ամբողջ ունեցուածքն էր։»








All the contents on this site are copyrighted ©.