2016-08-04 16:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Ասսիզիի մէջ ներկայացուցած խորհրդածութեան Աւետարանական հատուածը:


Մատթէոսի Աւետարան  գլուխ 18, 21-35 համարները

21 Այն ատեն Պետրոս մօտեցաւ անոր եւ ըսաւ. “Տէ՛ր, եթէ եղբայրս մեղանչէ ինծի դէմ` քանի՞ անգամ ներեմ անոր. մինչեւ եօ՞թը անգամ”:

22 Յիսուս ըսաւ անոր. “Քեզի չեմ ըսեր` “մինչեւ եօթն անգամ ”, հապա` “մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը”:

23 Ուստի երկինքի թագաւորութիւնը կը նմանի թագաւորի մը, որ ուզեց հաշիւ առնել իր *ծառաներէն:

24 Երբ սկսաւ հաշիւ առնել, տասը հազար տաղանդի պարտապան մը բերուեցաւ իրեն:

25 Բայց ան վճարելու կարողութիւն չունենալով` անոր տէրը հրամայեց, որ ան ծախուի, նաեւ անոր կինն ու զաւակները եւ անոր ամբողջ ունեցածը, ու [պարտքը] վճարուի:

26 Իսկ ծառան իյնալով` երկրպագեց անոր եւ ըսաւ. “Տէ՛ր, համբերատա՛ր եղիր ինծի հանդէպ, ու ամէ՛նը պիտի վճարեմ քեզի”:

27 Ծառային տէրը` գթալով` արձակեց զայն, եւ ներեց անոր պարտքը:

28 Նոյն ծառան գնաց, գտաւ իր ծառայակիցներէն մէկը` որ հարիւր դահեկան կը պարտէր իրեն, ու բռնելով զայն` կը խեղդէր եւ կ'ըսէր. “Վճարէ՛ ինծի ունեցած պարտքդ”:

29 Ուստի իր ծառայակիցը ինկաւ անոր ոտքը, կ'աղաչէր անոր ու կ'ըսէր. “Համբերատա՛ր եղիր ինծի, եւ պիտի վճարեմ *քեզի”:

30 Բայց ինք չէր ուզեր. հապա գնաց ու բանտը նետել տուաւ զայն` մինչեւ որ վճարէր պարտքը:

31 Երբ իր ծառայակիցները տեսան ինչ որ պատահեցաւ` շատ տրտմեցան, ու եկան եւ պատմեցին իրենց տիրոջ ամբողջ պատահածը:

32 Այն ատեն անոր տէրը կանչեց զայն ու ըսաւ. “Չա՛ր ծառայ, այդ ամբողջ պարտքը ներեցի քեզի` քանի որ աղաչեցիր ինծի.

33 [ուրեմն] պէտք չէ՞ր որ դո՛ւն ալ ողորմէիր ծառայակիցիդ, ինչպէս ես ողորմեցայ քեզի”:

34 Եւ անոր տէրը բարկանալով` յանձնեց զայն տանջողներուն, մինչեւ որ վճարէր ամբողջ պարտքը:

35 Իմ երկնաւոր Հայրս ալ նո՛յնպէս պիտի ընէ ձեզի, եթէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր եղբօր սրտանց չներէ իր յանցանքները”:








All the contents on this site are copyrighted ©.