2016-08-04 13:02:00

Ֆրանչիսկեան միաբանութեան պատգամը Ասսիզիի՝՝ընդհանրական ներումի՝8-րդ հարիւրամեակի առիթով


(Ռատիօ Վատիկան)  Ասսիզիի ՝՝ ներումի՝ ութը հարիւրերորդ ամեակի առիթով, Ֆրանչիսկեան ընտանիքի պատկան չորս միաբանութիւններու մեծաւորները հրապարակեցին հովուական նամակ մը, որուն մէջ մաղթանք յայտնած են, որ ընդհանուր ներումի 800-րդ ամեակը  օգտակար ըլլայ առողջ ամօթխածութիւն զգալու, ինչպէս նաեւ իրենց մէջ  աճեցնելու  ստեղծագործական  կարողականութիւնը եւ  նոր ձեւեր որոնելու ու ժամանակակից այր մարդոց ու կիներուն հասկնալի դարձնելու երգերը որ ըլլան  շարժառիթ` կերտելու համար համերաշխութիւն ու  խաղաղութիւն՝՝։

Անդրադառնալով ապա 2016 թուականին, Ֆրանչիսկեան Միաբանութիւններու մեծաւորները նշած են թէ  անիկա կարեւոր թուական է ,  որովհետեւ  տարուան ընթացքին կը  զուգադիպին երու կարեւոր նշումներ.

Առաջին՝ Փորցիունքոլայի աւանդական ընդհանրական ներումը զոր խնդրած էր  Սուրբ Ֆրանչիսկոսը՝  ՝՝բոլորը դրախտ  ուղարկելու համար՝՝ եւ Ողորմութեան Սուրբ տարուան նշումը՝ որ հռչակուած է Սուրբ Ֆրանչիկոսի անունը կրող քահանայապետին կողմէ։

''Ողորմութիւն բառը շատ սիրելի բառ մըն էր Սուրբ Ֆրանչիսկոսի համար  եւ Ան  իր գրութիւններուն  մէջ ստէպ կը գործածէ ողորմութիւն բառը, հաւասարապէս օգտագործելով զայն երկու ուղղութիւններով, որոնք կը հային ՝Ողորմած Աստուծոյ ներգործութիւններուն, ու մեր` մեր եղբայրներուն նկատմամբ  ողորմութեան գործերուն։ Կարեւորը  այն է,  որ  երբեք իրարմէ չի խզել  երկու տարրերը,  որովհետեւ Յիսուս աւետարանին մէջ կը սորվեցնէ առաջին պատուիրանը եւ միաժամանակ կը խօսի Աստուծոյ եւ մերձաւորին հանդէպ սիրոյ մասին, որոնք երբեք իրարմէ չեն կրնար բաժանուիլ'' գրած են Ֆրանչիսկեան ընտանիքի  չորս միաբանութիւններու ընդհանուր մեծաւորները  իրենց Ասսիզիի ներումը 800-րդ տարեդարձին առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.