2016-08-04 09:34:00

Հաւատքը մեր կեանքին մէջ


Քրիստոնէական աւանդութիւնը հաւատքի տեսութենէն եզրակացուած է հոգեւոր շարժառիթներ, որոնք պէտք է իրագործուինք տառապանքին մէջ, շարժառիթներ որոնք դարերու ընթացքին տարբեր ձեւով շեշտուած են, եւ հարկ է կրկին խորհրդածել անոնց մասին. պիտի մատնանշենք երեք հատ.

Ճգնողական տեսակէտը, գլխաւորապէս գնահատուած Եկեղեցւոյ Հայրերէն: Տառապանքը կը յառաջացնէ անջատումներ, հրաժարումներ, կը հարկադրէ վերատեսութեան ենթարկելու կեանքը, հասուննալու հաւատքի մէջ «Ահաւասիկ իմ հիւանդութիւնս, առողջութեան վերածուեցաւ» (Եզ. 38, 14):

Խորհրդազգաց տեսակէտը, բացայայտուած միջին դարուն. ցաւը կը միացնէ գլխաւորապէս տառապեալ Քրիստոսի:

Առաքելական տեսակէտը, հաստատուած 17-րդ դարուն. կը շեշտուի հատուցումի, ինչպէս նաեւ ուրիշներու մեղքերուն քաւութեան եւ Եկեղեցւոյ փրկչակից առաքելութեան մասնակցութեան շարժառիթը:

Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովն ալ արտայայտուելով այս հարցին առընչութեամբ, կը հրաւիրէ տառապողները «նուիրելու իրենց աղօթքներն ու ապաշխարանքները աշխարհի աւետարանումին համար:

Բնազդաբար, մարդը իր ձեւով կ՛ուզէ վարել կեանքը. Երբ խոչընդոտի մը հանդիպի կը փորձէ ընդվզիլ: Որպէսզի կարենայ իր անձնական դիմադրութիւնները գերազանցել պէտք է Քրիստոսի օրինակին հետեւի: Երբ անձ մը կը տառապի, հակամէտ է ինքն իր մէջ փակուելու: Ընդհակառակն, հարկ է որ վանէ մտահոգութիւնները որոնք իր «ես»ին չորս կողմ կեդրոնացած են: Բնաւ պէտք չէ նեղութիւնը մկատէ պարզապէս իբրեւ դժբախտուփիւն մը, այլ ճամբայ մը որ պիտի առաջնորդէ զինք կարեւոր առաքելութիւն մը կատարելու: Հետեւաբար կրել մը չէ, այլ նուիրել:

Տառապանքը տանելի կը դառնայ, երբ կը յաջողինք սեփական կեանքին յատուկ ուղղութ մը տալ, նոյնիսկ նեղութեան պարագային: Հետեւելով Ս. Պօղոսի օրինակաին որ կ՛ըսէ.« Քրիստոսի կրած նեղութիւններուն պակասը իմ մարմինիս մէջ կ՛ամբողջացնեմ՝ անոր մարմինին համար՝ որ Եկեղեցին է» (Կող. 1,24):

Հիւանդութեան ժամանակ աղօթքը մի՛ միայն խնդրուածքի աղօթք պէտք չէ ըլլայ, այլ նաեւ՝ գոհութեան կամ շնորհակալութեան: Շատ անգամ ցաւը այնպիսի սաստկութեամբ կ՛ըլլայ որ մարդս զուրկ կը դարձնէ եւ կը խլէ անկէ աղօթքի եռանդի անհրաժեշտ բոլոր ուժերը: Այդ պարագային, հիւանդին ուրիշ բան չի մնար ընել եթէ ոչ լռութեամբ Աստուծոյ ներկայութեան մնալ...:

Ծանր տառապանքը շատ անգամ կը մթագնէ հոգեբանական գիտակցութիւնը, եւ երբեմն ալ շփոթութեան կը մատնէ հոգիին կարողութիւնները: Այս պահերուն ուրիշ բան չի մնար ընել ընել, թէ ոչ ընդունիլ այս ծանր աստիճան խեղճութեան վիճակը, հաշտուելով կացութեան հետ եւ ինքզինքը բոլորովին Աստուծոյ յանձնուելով. ապաւինում մը որ ոչ խօսքով եւ ոչ ալ մտածութեամբ կ՛ըլլայ, որ կարգ մը պարագաներու մէջ անկարելի է, այլ աննկարագրելիօրէն հոգիով ու սրտով:    








All the contents on this site are copyrighted ©.