2016-08-03 10:23:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Պատգամը Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի Ողիմպիական խաղերուն առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 3 օգոստոս 2016-ի առաւօտեան, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ կայացած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, յատուկ պատգամ մը յղեց Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ մի քանի օրէն կայանալիք Ողիմպիական Խաղերուն առթիւ, որուն մէջ ըսաւ. ''Կ՛ուզեմ իմ սիրալիր ողջոյնս ուղղել Պրազիլի ժողովուրդին ու յատկապէս Ռիօ Տէ Ժանէյրօ քաղաքին որ կը հիւրընկալէ համայն աշխարհէն մարզիկներ ու մարզանքը սիրողները` Ողիմպիական խաղերու առթիւ։

Աշխարհի մը մէջ որ խաղաղութեան, հանդուրժողութեան ու հաշտութեան ծարաւ կայ, կը մաղթեմ որ Ողիմպիական Խաղերու հոգին կարողանայ ներշնչել բոլորը` պայքարելու ''բարի պայքարը'' ու միասին աւարտել վազքը (Բ Տիմոթէոս, 4, 7-8) ), ցանկանալով որպէս պարգեւ ընդունիլ ոչ թէ մետալ մը, այլ շատ աւելի արժէքաւոր մէկ բան. Քաղաքակրթութեան մը իրականացումը, ուր կ՛իշխէ զօրակցութիւնը, հիմնուած այն ճանաչումի վրայ թէ մենք բոլորս անդամներ ենք մարդկային միակ ընտանիքին, անկախ մշակութային, մորթի գոյնի կամ կրօնի տարբերութենէ։

Իսկ Պրազիլցիներուն որոնք իրենց ուրախութեամբ ու հիւրընկալութեան յատկանշական հոգիով կազմակերպած են Մարզանքի Տօնակատարութիւնը, կը մաղթեմ որ այս մէկը ըլլայ առիթ գերազանցելու համար դժուարութիւնները եւ յանձառու ըլլալու ի սպաս ''խմբային աշխատանքի'', կառուցելու համար երկիր մը` աւելի արդար եւ աւելի ապահով, ու ձգտելու յոյսով եւ ուրախութեամբ լի ապագայի մը։ Աստուած օրհնէ բոլորը։








All the contents on this site are copyrighted ©.