2016-08-03 11:14:00

ԵՀՕ Հարցազրոյց Արհ Գերապայծառ Միքայէլ Մուրատեանի հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Միացեալ Նահանգներու հայ կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհ Գերապայծառ Միքայէլ Մուրատեան, անցեալ օրերուն, ի շառս աշխարհի զանազան քաղաքներէն Լեհաստան ժամանած եպիսկոպոսներուն, իր մասնակցութիւնը բերաւ Քրաքովիայի ԵՀՕ 31-րդ հաւաքին, որպէս Քրիստոնէականի Դասատու Եպիսկոպոս, յատկապէս զբաղելով ԵՀՕ մասնակցող 350-է աւելի բաղկացած հայ երիտասարդներու խումբով, անոնց ներկայացնելով Ողորմութեան մասին շարք մը խորհրդածութիւններ։

Լեհաստանէն դէպի ԱՄՆ ճանապարհորդութեան ընթացքին Արհիապատիւ Գերապայծառ Մուրատեան Ռատիովատիկանի հայական բաժնի հետ ունեցած  հեռաձայնային կապով մեզի փոխանցեց` Լեհաստանեան օրերուն փորձառութիւնն ու ապրումները, հայ երիտասարդներուն որպէս պատգամ կրկնելով Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը. ''եղէք ողորմութեան եւ եղբայրութեան առաքեալներ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.