2016-08-02 15:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիրը ի լուր Կարդինալ Մաքարսքիի մահուան։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 2 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 9.45-ին իր հոգին աւանդեց առ Հայր Քրաքովիայի երբեմնի Արքեպիսկոպոս` կարդինալ Ֆրանչիսչէք Մաքարսին որ Սուրբ Սթանիզլաւի աթոռին վրայ յաջորդած էր երջանկայիշատակ Քարոլ Ոյթիլա` ՅՊԲ Սուրբ Քահանայապետին։

Հանգուցեալ Ծիրանաւորը 89 տարեկան էր եւ ժամանակէ ի վեր ծանր հիւանդ վիճակի մէջ կը գտնուէր։ Անցեալ 28 Յուլիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` Երիտասարդութեան համաշխարհային 31-րդ օրուան առթիւ  Լեհաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, Կարդինալ Մաքարսքիին այցելութիւն տուած էր Քրաքովիայի հիւանդանոցին մէջ։

Անոր մահուան ի լուր Նորին Սրբութիւնը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Սթանիզլաւ Ճիվիչին, որուն մէջ իր խոր ցաւը արտայայտելով, միութիւն յայտնեց Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոսին, կղերական դասին ու հաւատացեալներու ցաւին, գոհաբանական աղօթք բարձրացնելով` Աւետարանի երջանկայիշատակ գործիչի հովուական յանձնառումի ու կեանքի համար։

''Յիսուս քեզի կը վստահիմ։ Այս եղաւ Անոր եպիսկոպոսական կարգախօսն ու ուղեցոյցը կեանքի ու առաքելութիւն, գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ իր հեռագիրին մէջ եւ ի մէջ այլոց աւելցուց ''Այսօր Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն ծիրէն ներս, այդ մէկը դարձաւ խօսուն աղերս մը` որ կը հռչակէ գործին կատարումը զոր Տէրը վստահած էր Անոր, մկրտութեան խորհուրդով, ապա Քահանայութեան պարգեւով, երբ զայն առաքեց իր Ժողովուրդը սրբացնելու պարտականութեամբ, խօսքով եւ խորհուրդներու շնորհքով։

 Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծեց թէ հանգուցեալը իր այս առաքելութիւնը կատարած էր մեծ նուիրումով ըլլայ որպէս հովիւ, դասատու եւ Նորընծայարանի Մեծաւոր մինչեւ այն օրը` ''երբ Տէրը զինք կոչեց Սուրբ Աթնաիզլաւի գահը ժառանգելու` Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոսական Աթոռին վրայ''։

Ան Աստուածային աղուորութեան վրայ վստահելով իր այս գործը կատարեց որպէս Հայր` քահանաներուն եւ հաւատացեալներուն։ Քրաքոիվայի Եկեղեցին ղեկավարեց իմաստութեամբ` քաղաքական եւ ընկերային յեղաշրջումի դժուար օրերուն,  ի սպաս անհատի արժանապատուութիւն, հասարակաց ու Եկեղեցւոյ բարիքին ու վառ պահելով հաւատքը` մարդոց սրտերուն մէջ գրեց Սրբազան Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Նախախնամութեան որ իրեն առիթ  ընծայեց այցելելու Ծիրանաւորը Քրաքովիայի մէջ։

Իր կեանքի վերջին օրերուն մեծաղէս տառապեցաւ եւ այդ ցաւերը ընդունեց մեծահոգութեամբ, այդ պահերուն եւս մնաց վստահութեան հաւատարիմ վկայ` Աստուծոյ ողորմութեան ու բարութեան վրայ։ Այսպէս է որ զինք կը յիշեմ կեանքիս ու աղօթքներուս մէջ գրեց Ֆրանչիկսոս Պապ հայցելով որ Տէր զինք ընդունի իր Փառքին մէջ։ Ապա Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոսին,  կարդինալներուն ու Լեհաստանի եպիսկոպոսներուն, կղերական դասին ու հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն ու հաւատացեալներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Սրբոյ Հոգւոյն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.