2016-08-02 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Առօրեայ հացին համար աշխատանք խնդրելը, արժանապատուութիւն խնդրել է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երբ աշխատանք կը խնդրենք առօրեայ հացը ապահովելու համար, արժանապատուութիւն է որ կը խնդրենք''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին` յառաջիկայ 7 օգոստոսին, հացի եւ աշխատագնի պաշտպան սուրբ`  Թիենի Սուրբ Կայեթանոյի ծիսական տօնին նախօրեակին, Արժանթինի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ` Գերապայծառ Խոսէ Մարիա Առանչէտոյի ուղղած պատգամին կեդրոնական նիւթը։

Նշենք թէ ամէն տարի վերոնշեալ տօնին օրը Արժանթինցիները ուխտագնացութիւն կը կատարեն սուրբին նուիրուած ուխտավայրեր։

''Աշխատանքը որ թոյլ կու տայ առօրեայ հացը տանիլ տուն` արժանապատուութիւն կու տայ եւ տունի ու հողի հետ միասին մարդու իրաւունքներու հիմքը կը կազմէ'' գրած է Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին մէջ ապա վերյիշելով  իր մասնակցութիւնը այդ ուխտագնացութիւններուն, Պուէնոս Այրեսի  մէջ իր ծառայութեան ընթացքին, ընդգծած է թէ ''աշխատանք փնտռող այդ բազմաթիւ մարդոց ու կիներու անձկութեան դիմաց, կը կարենայի միայն ձեռք տալ, շոյել այդ անձերը ու նայիլ անոնց արցունքով  ու ցաւով լի աչքերուն եւ արտասուել ներքնապէս''։

''Դժուար է, կը գրէ Քահանայապետը­, հանդիպիլ ընտանիքի հօր մը որ շախատանքի կը կարօտի եւ կարելիութիւն չունի զայն ունենալ։ Սուրբ Կայեթանոյի տօնին կը խնդրենք հաց ու աշխատանք։ Հացը աւելի դիւրին է ձեռք բերել որովհետեւ կայ միշտ մէկը որ պատրաստ է զայն նուիրելու, սակայն առանց աշխատանքի, հարցը կիսատ կը լուծուի'' դիտել տուած է Նորին Սրբութիւնը Արժանթինի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահին յղած իր պատգամին մէջ մաղթանք յայտնելով որ Արժանթինի բոլոր եպիսկոպոսները կարողանան` սիրով, մօտիկութեան եւ աղօքթով ընկերանալ բոլոր անոնց որոնք հաց եւ աշխատանք կը խնդրեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.