2016-08-02 09:37:00

Միացեալ Նահանգներ Լիպիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքեր հարուածեցին


Փենթակոն երէկ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու օդուժին պատկանող ռմբաձիգներ, երէկ ընդառաջելով լիպիական կառավարութեան խնդրանքին` Լիպիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ¬ի դիրքերը հարուածած են:

Հարուածները կեդրոնացած են Սըրթի մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն վրայ:

Լիպիոյ վարչապետ Ֆայեզ Սարրաժ պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտարարեց, որ օդային հարուածները «ծանր կորուստներ» պատճառած են:

Օդային հարուածները Լիպիոյ ազգային միասնականութեան կառավարութեան հետ համակարգուած առաջին ամերիկեան օդային հարուածներն էին:

Փենթակոն նշեց, որ լիպիական կառավարական ուժերու աջակցութեան համար կատարուած օդային հարուածներուն արտօնութիւնը տուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա:








All the contents on this site are copyrighted ©.