2016-08-02 12:16:00

''Կիներու սարկաւագութեան'' հայող յանձնախումբ։


 (Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 12 Մայիս 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ իգական կրօնաւորական միաբանութիւններու մեծաւորուհիներուն հետ  ունեցած հանդիպումի ընթացքին արտայայտած էր իղձը` պաշտօնական յանձնախումբ մը հիմնել ուսումնասիրելու համար կիներու սարկաւագ ձեռնադրութեան հարցը։

Երկար խորհրդածութենէ եւ աղօթքէ ետք Սրբազան Քահանայապետը որոշեց ստեղծել ''կիներու սարկաւագութեան հայող ուսումնասիրական յանձնախումբ մը'' որուն նախագահ դասեց Գերապայծառ Լուիս Ֆրանսիսքօ Լատարիա Ֆերրերը, Հաւատոյ Ժողովի քարտուղարը, անոր հետ միասին անուանելով այլ 12 հոգիէ բաղկացած խորհուրդ մը, որուն մաս կը կազմեն Քահանաներ, մայրապետներ եւ աշխարհական հաւատացեալներ, որոնց պարտականութիւն պիտի ըլլայ ուսումնասիրել կիները սարկաւագ ձեռնադրելու  կարելիութիւնը հիմնուելով նախնական եկեղեցւոյ կեանքին եւ առաքելութեան վրայ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.