2016-08-02 09:47:00

Արնուվիլի մէջ նշուեցաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տարեդարձը


ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսայի Արնուվիլ քաղաքին մէջ նշուեցաւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տարեդարձը (1846): Նախատեսուած էին գեղարուեստական եւ մշակութային հարուստ յայտագիրներ որոշ համայնքներու համար, ինչ որ պարագան էր նաեւ Արնուվիլի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ: Արարողութեան պատգամով հանդէս եկաւ վերապատուելի Ժիլպէր Լեւոնեան: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Այսօր, ուզեցի ցոյց տալ, որ մենք՝ հայերս, կապուած ենք մեր արմատներուն եւ մեր ինքնութեան, սակայն նաեւ մենք թեւաբաց կ՛ընդունինք միւս մշակոյթները, ոչ թէ անոնց մէջ ձուլուելու համար, այլ՝ մեր լեզուն, մեր մշակոյթն ու մեր երեք հազարամեայ պատմութիւնը միւսներուն ծանօթացնելու համար»։ Վերապատուելի Լեւոնեան նաեւ յայտնեց, որ 2000 թուականէն սկսեալ իրենք որոշած են, որ փոխանակ սահմանուելու միայն հայկական շրջանակին մէջ, անհրաժեշտ է բացուիլ միւս մշակոյթներուն, միւս ժողովուրդներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.