2016-08-02 10:53:00

2016-ի Օգոստոս ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


 (Ռատիօ Վատիկան)  2016-ի Օգոստոս ամսուայ որպէս Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւն, Նորին սրբութիւնը ընտրուած է.

''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի մարզանքը ըլլայ ժողովուրդներու միջեւ հանդիպումի հնարաւորութիւն ու սատարէ աշխարհի մէջ խաղաղութեան դատին''։

Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի Քրիստոնեաները ապրին Աւետարանը` վկայութիւն տալով հաւատքի, անկեղծութեան ու մերձաւորին նկատմամբ սիրոյ''։  

Վերոնշեալ ''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութեան հրապարակումին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ լսատեսողական պատգամ մը յղեց որուն մէջ ըսաւ. ''Կը սիրեմ երազել մարզանքը որպէս մարդու արժանապատուութեան գործադրութիւն, փոխակերպուած եղբայրութեան փոխադրամիջոց''։

''Կը ցանկանա՞նք միասին մարզուիլ այս աղօթքի դիտաւորութեան համար'', հարց տուաւ Քահանայապետը ապա դարձեալ հաստատեց ''Թող որ մարզանքը զարգացնէ ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութիւնը ու սատարէ աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատումին''։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.