2016-08-01 14:13:00

Քրաքովիա - Հռոմ։ Ֆրանչիսկոս Պապին իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ զրոյցը։


(Ռատիօ Վատիկան) Լեհաստակն կատարած առաքելական 15-րդ ճամբորդութեան աւարտին, Քրաքովիայէն դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին, սովորութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ ու պատասխանեց անոնց հարցումներուն։

Զրոյցին սկիզբը Նորին Սրբութիւն յատուկ շնորհակալութիւն ուզեց յայտնել Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիին որ այդ օր կ՛աւարտէր իր Քահանայապետի Բանբերի պաշտօնը` 10 տարիներ երկար ծառայութենէ ետք։

ԼԵՀԱՍՏԱՆ -ԵՀՕ

Սրբազան Քահանայապետ հուսկ յայտնեց թէ ճամբորդութիւնը  անցաւ յաջող եւ թէ  հմայուած մնացած էր Լեհ ազգին Քահանայապետին վերապահած  ջերմ ու մտերմիկ ընդունելութեան համար։

Անդրադառնալով հուսկ երիտասարդներու ուղղած իր պատգամներուն եւ այդ պատգամներուն մէջ օգտագործուած երիտասարդական ոճին, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ ինք կը սիրէ երկխօսիլ երիտասարդներուն հետ եւ անոնցմէ շատ բաներ կը սորվի։

''Անոնք մեր ապագան են ու մենք պէտք ենք անոնց հետ երկխօսութիւն հաստատել'' ըսաւ Սրբազան Պապը եւ ''ասոր համար է որ իրենց յանձնարարեցի կապ պահել տարեցներուն հետ, որպէսզի կարենան մտիկ ընել անցեալի փորձառութիւնները` պատմութիւնը ու քաջութեամբ ընդառաջել ներկայի մարտահրաւէրներուն։ Ես չեմ սիրեր լսել անձինք որ կ՛ըսեն թէ երիտասարդները անիմաստ բաներ կ՛ըսեն։ Մենք եւս անիմաստ խօսքեր կ՛ըսենք շատ անգամ։ Իրենք ալ կ՛ըսեն։ Սակայն հարկ է ունկնդրել երիտասարդները, խօսիլ անոնց հետ որովհետեւ մենք իրենցմէ պէտք ենք սորվիլ եւ իրենք մեզմէ սորվելու են։ Այսպէսով պատմութիւնը կը զարգանայ առանց փակումներու։

ԹՈՒՐՔԻԱ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ապա հարց ուղղուեցաւ Թուրքիոյ մէջ տիրող իրավիճակի մասին եւ թէ ինչու՞ մինչեւ օրս Ինք ոչ մէկ յայտարարութիւն ըրած է այս ուղղութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց թէ ինք երբ պէտք էր արտայայտուիլ Թուրքիոյ մասին `արտայայտուեցաւ­, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը Թուրքիոյ հաճոյք չի պատճառեց եւ ունեցաւ իր հետեւանքները։ ''Ես այդ բառերը գործածեցի որովհետեւ վստահ էի (ակնարկը անշուշտ ցեղասպանութիւն եզրի մասին էր)։ Եթէ մինչեւ օրս չի խօսեցայ որովհետեւ վստահ չեմ, տեղեկութիւնները որ ստացայ տակաւին յստակ չեն, եւ կացութիւնը ուսումնասիրութեան մէջ է Պետական քարտուղարութեան հետ։ ''Շիտակ է թէ պէտք նաեւ մտածել փոքրաթիւ կաթողիկէներուն սակայն այս մէկը կարելի չէ ընել ի գին ճշմարտութեան'' շեշտեց Նորին Սրբութիւնը վերահաստատելով թէ ''երբ պէտք էի Թուրքիոյ մասին բան մը ըսել, ըսի''։  

ԿԱՐԴԻՆԱԼ ՓԵԼ

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա Աւստրալիայի մէջ ոստիկանութեան կողմէ Կարդինալ Փելի նկատմամբ հետազօտութեան եւ նշեց թէ ինք այս մասին կը խօսի այն ժամանակ երբ  արդարադատական ընթացքը իր աւարտին կը հասնի։

ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆ

Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադարձ կատարեց Վենեզուելլայի մէջ տիրող լարուածութեան եւ այս առընչութեամբ Վատիկանի միջնորդի դերակատարութեան մասին, հուսկ խօսեցաւ մի քանի օրեր առաջ Ֆրանսայի մէկ Եկեղեցւոյ մէջ վայրագ օրէն սպաննուած Հայր Ժագ Համելի մասին, դարձեալ ընդգծելով թէ բռնութիւնը իսլամական չէ։ Բոլոր իսլամները բռնարար չեն, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ասոր համար է որ ես չեմ խօսիր Իսլամական ահաբեկչութեան մասին։ Չմոռնանք թէ բազմաթիւ կաթողիկէներ եւս արաքներ կը գործեն։ Քանի անգամներ օրաթերթերուն մէջ կը կարդանք այս ինչը կամ այն ինչը իր զոքանչը, կինը կամ զաւակը սպանած է։ Եւ ասոնք կաթողիկէ են։ Սակայն մենք չենք խօսիր կաթողիկէ ահաբեկչութեան մասին։

Կայ սակայն մէկ իրականութիւն` այն է թէ բոլոր կրօնները ունին իրենց ծայրայեղական խմբաւորումները եւ երբ ծայրայեղականութիւն կայ, կայ նաեւ բռնութիւն։ 

''Ես, ըսաւ ապա Քահանայապետը, առիթը ունեցայ  զրուցելու Ալ Ազհար համալսարանի աւագ Իմամին հետ եւ գիտեմ թէ իրենք եւս խաղաղութիւնը կը փնտռեն ու կը փնտռեն հանդիպումը։

Նորին Սրբութիւնը բացայայտեց թէ ինչպէս Ափրիկեան երկիրներուն մէջ մահմետականներ կ՛աղօթեն Եկեղեցիներու մէջ Աստուածանայ սրբապատկերին առջեւ ու հարց տուաւ թէ որքանով Եւրոպան յանցաւոր է, առանց իտէալի թողելով երիտասարդները, որոնք անգործ` կը դիմեն թմրամոլութեան եւ խմիչքի ու ապա կը յարին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու, ինչպէս է պարագան ՏԱՀԵՇ-ին։ ''Ասոնք սակայն իսլամ չեն այլ ահաբեկիչ են, ծայրայեղ խմբաւորումներ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ ահաբեկչութիւնը կ՛աճի այն ժամանակ երբ աշխարհը որպէս կեդրոն կ՛ընտրէ` դրամ աստուածը եւ ոչ թէ մարդ արարածը։

ՓԱՆԱՄԱ - ԵՀՕ

Լրագրողներու  շարքին էր նաեւ Փանամեցի լրագրող մը որ անդրադառնալով յառաջիկայ ԵՀՕ հաւաքի վայրին (Փանամա)  յանուն Փանամացիներուն Ֆրանչիսկոս Պապին նուիրեց շապիկ մը եւ Փանամական գլխարկ մը. Նորին Սրբութիւնը   շնորհակալութիւն յայտնելով նուէրներուն համար մաղթեց որ Փանամացիները լաւապէս պատրաստուին այդ հաւաքին` Լեհաստանի միեւնոյն ուժով եւ հոգեւոր խորթափանցումով։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.