2016-08-01 09:44:00

Ռայի Պատրիարքը անհրաժեշտ կը նկատէ անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարել


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին ան յայտնեց, թէ իրենք կ՛աղօթեն, որ Աստուած քաղաքական անձնաւորութիւններուն խիղճը արթնցնէ եւ զանոնք մղէ ուղղուելու խորհրդարան ու նախագահական ընտրութիւն կատարելու:

Ռայի պատրիարքը անհրաժեշտ նկատեց անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարել, որովհետեւ առանց հանրապետութեան նախագահի երկիրը կ՛ուղղուի դէպի քանդում եւ փճացում:

Ան նշեց, որ խորհրդարանը եւ կառավարութիւնը, ինչպէս նաեւ պետական այլ հաստատութիւններ սառած վիճակի մէջ են` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային երկրին տնտեսական տագնապը աւելի եւս պիտի բարդանայ:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ իրենք նախագահական թափուր աթոռի կացութեան պատասխանատու կը նկատեն բոլոր անոնք, որոնք կ՛արգելակեն նախագահական ընտրութիւնը:

Ռայի պատրիարքը պետական պաշտօնատարներէն, յատկապէս կառավարութենէն եւ երկրագործութեան նախարարութենէն պահանջեց Աքուրա-Թաննուրին շրջանի երկրագործներուն հատուցել` նկատի ունենալով, որ անոնց տարեկան բերքը փճացած է բնութեան պատճառով:








All the contents on this site are copyrighted ©.