2016-07-31 11:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ԵՀՕ յաջորդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ 2019-ին Փանամայի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 31 Յուլիս 2016-ի առաւօտեան, Քրաքովիայի Ողորմութեան տարածքին մատուցած ԵՀՕ եզրափակիչ Սուրբ պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ուղղած ողջոյնի խօսքին ու յորդորի աւարտին  յայտարարեց  երիտասարդներու յառաջիկայ համաշխարհային հաւաքին վայրն ու թուականը։

Աստուծոյ նախախնամութիւնը միշտ մեզ կը կանխէ, ըսաւ նորին Սրբութիւն։ Երեւակայեցէք որ Ան որոշեց թէ ուր տեղի պիտի ունենայ այս մեծ ուխտագնացութեան յաջորդ հանգրուանը որ սկիզբ առած էր 1985 Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրով։ Ասոր համար մեծ ուրախութեամբ կը յայտարարեմ թէ Երիտասարդութեան համաշխարհային յաջորդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ 2019-ին Փանամայի մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա Մարիամի բարեխօսութեամբ հայցեց Սուրբ Հոգիին շնորհքը որպէսզի լուսաւորէ եւ թիկունք կանգնի երիտասարդներուն ճանապարհորդութեան Եկեղեցւոյ եւ աշխարհին մէջ եւ որպէսզի անոնք ըլլան Աստուածային Ողորմութեան` աշակերտներն ու վկաները։








All the contents on this site are copyrighted ©.