2016-07-31 09:36:00

Հայր Լոմպարտի ԵՀՕ երիտասարդները կարողութիւնն ունին աշխարհը բարեփոխելու։


(Ռատիօ Վատիկան) Յիսուսեան միաբանութեան անդամ եւ Սուրբ աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի որ այս օրերուն կ՛ընկերանայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Լեհաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին առաջին հաշուեկշիռ մը ներկայացնելով  ԵՀՕ հաւաքին հաստատեց թէ Լեհաստանի Եկեղեցին մեծ Եկեղեցի է եւ ունի հինաւուրց աւանդութիւն, այնպէս ինչպէս նաեւ Լեհ ժողովուրդը ունի մեծ պատմութիւն։

Լեհերը մեզի տուին բազմաթիւ սուրբեր որոնց վերջինը մեր սիրելի Յովհաննէս Պօղոս Բ-է - ըսաւ Հայր Լոմպարտի ընդգծելով թէ ''Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հակիրճ ժամանակամիջոցի մէջ կարողեցաւ շփման մէջ մտնել Լեհ ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ հետ ու անոնց ցուցաբերել իր սէրն ու գորովը ինչպէս նաեւ մօտիկութիւնը, անոնց փոխանցելով պատգամը ըլլալու դէպի դուրս ընթացող եկեղեցի մը, ստեղծագործ եկեղեցի, ապա ըլլալու զօրակից, երկխօս ու ձգտող խաղաղութեան։

Խօսելով ապա ԵՀՕ հաւաքի մասին Հայր Լոմպարտի անդրադարձ կատարելով նախորդ Երիտասարդութեան հաւաքներուն հաստատեց թէ ամէն մէկ երիտասարդական հաւաք տեղի կ՛ունենայ որոշ մթնոլորտի մէջ եւ ունի յատուկ պատգամ մը, ապա հաստատեց թէ ''ամէնքս գիտակից են թէ ի՞նչ ժամանակաշրջանի մէջ կ՛ապրինք'' ընդգծելով թէ  այսօրուայ այս հաւաքը յոյսի մեծ նշան է աշխարհի համար։

Հաւաք մը որ իրարու հետ համախմբած է այս սքանչելի գորով ու յոյս ունեցող երիտասարդները, որ կ՛ուզէ զանոնք խրախուսել եւ անոնց տալով ուղեցոյց մը ու գիտակից դարձնել թէ որքան ուժականութիւն ունին։

Քահանայապետը անոնց յստակօրէն հարց տուաւ ''Կարելի՞ է փոխել եղելութիւնները'' եւ երիտասարդները պատասխանեցին ''այո''։ Մի քանի անգամ կրկնեց այս հարցումը, որպէսզի անոնք գիտակից դառնան թէ եթէ ունկնդրեն Յիսուսին խօսքերը, եթէ հաւատան աւելի սիրոյ քան ատելութեան, ուրեմն կարող են իրենց կարեւոր սատարը տալ այս աշխարհի բարեփոխումին համար։

Յայտնենք թէ աղօթքի հսկումին մանկացողներու թիւը ըստ ԵՀՕ կազմակերպիչ յանձնախումբին գերազանցեց 1 միլիոն 600 հազարը որոնց շարքին նշենք նաեւ հայ կաթողիկէ երիտասարդներու խումբ մը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.