2016-07-30 20:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապին անակնկալ այցելութիւնը Լեհաստանի Յիսուսեաններու վանք։


(Ռատիօ Վատիկան) Բացի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տուած անակնկալ այցելութեան Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց նաեւ Քրաքովիայի Յիսուսեաններու միաբանութեան վանքը ուր զանազան նիւթերու շուրջ զրոյց ունեցաւ երիտասարդ Յիսուսեան եղբայրակիցներուն հետ­, խրախուսելով զանոնք միշտ դէպի դուրս առաքելութիւնը մը ունենալ, ինչպէս նաեւ մօտիկութիւն արտայայտել ''մեկուսացումի'' մէջ ապրողներուն։

Ըստ Յիսուսեան Հայր Անթոնիօ Սփատարոյին որ ներկայ գտնուած էր հանդիպումին, հանդիումը տեւեց 40 վայրկեան ւ գեղեցիկ մթնոլորտի մէջ։ Ներկայ էին 30 Յիսուսեան Միաբանակիցներ որոնց մեծամասնութիւնը երիտասարդ էին ու երեք Յիսուսեան աշակերտներ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.