2016-07-30 08:15:00

Քլինթըն շեշտը դրաւ հարցերը միասնաբար լուծելու հրամայականին վրայ


ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ, «Ռոյթըրզ».- Հիլըրի Քլինթըն Յուլիս 28ին պաշտօնապէս ընդունեց զինք Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու Դեմոկրատ կուսակցութեան պաշտօնական թեկնածու դարձնելու կուսակցութեան պատուիրակներուն որոշումը՝ շեշտը դնելով երկրին հարցերը միասնաբար լուծելու հրամայականին վրայ։

Ան այս կեցուածքով ուղղակիօրէն հակադրուեցաւ շաբաթ մը առաջ Հանրապետական կուսակցութեան նախագահական պաշտօնական թեկնածուն դարձած Տանըլտ Թրամփին, որ պնդած էր, թէ միայն ի՛նք կրնայ լուծել երկրին բոլոր հարցերը։

Քլինթըն աւելի քան 20 անգամ յիշելով Թրամփի անունը՝ պնդեց, թէ ան երկրին նախագահը ըլլալու յատկութիւնները չունի եւ յիշեցուց, թէ քանի մը առիթներով նոյնիսկ նախագահական ընտրութեանց պարտադրած ճնշումներուն չէր կրցած դիմանալ ու երկիրը աւելի լաւ ապագայի մը տանելու ծրագիրներ ներկայացնելու փոխարէն՝ շեշտը դրած է ատելութեան եւ վախի մթնոլորտ ստեղծելու ջանքերուն վրայ։

Քլինթըն նաեւ հարց տուաւ, թէ ամէն առիթով նախապատուութիւնը Ամերիկային տալու խոստումներ կատարող Թրամփը ինչո՞ւ երկար տարիներով իր ընկերութեանց արտադրութիւնները կը վստահի Չինաստանի, Մեքսիքայի, Թուրքիոյ կամ Հնդկաստանի գործաւորներու եւ ոչ թէ ամերիկացի աշխատաւորներու, ապա եւ յիշեցուց, որ Թրամփ բազմաթիւ փոքր ընկերութեանց եւ աշխատաւորներու իրաւունքները ոտնակոխած է՝ իր հարստութիւնը դիզելու համար։

Քլինթըն նաեւ յայտնեց, թէ ժամանակը հասած է՝ զիրար լսելով լուծումներ գտնելու գաղթականներու տագնապին, տնտեսական ճահճացումին եւ միջցեղային լարուածութեանց, որովհետեւ լուրջ ջանքեր կը տարուին ամերիկացիները իրարու դէմ հանելու։

Ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ ներկուսակցական պայքարին մէջ իր նախկին մրցակից ծերակուտական Պըրնի Սենտըրզէն ժառանգած՝ համայնքային համալսարանները անվճար դարձնելու, ընտրութեանց մէջ մեծահարուստներու եւ հսկայ ընկերութեանց ազդեցութիւնը նուազեցնելու եւ աշխատաւորներուն նուազագոյն ժամականը բարձրացնելու ծրագիրներուն կարեւորութիւնը։

Ակնարկելով զէնք կրելու իրաւունքին տկարացումով մտահոգ քաղաքացիներու բողոքին՝ Քլինթըն շեշտեց, թէ իր նպատակն է զէնքերը խլել անոնցմէ, որոնք հաւանականութիւնը ունին ուրիշներու վնաս հասցնելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.