2016-07-29 09:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապին լռելեան այցելութիւնը Աուշվից -Պիրքէնաու ճամբար-թանգարանին


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 29 Յուլիս 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ` Լեհաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, այցելեց Աուշվիցի հրեաներու ողջակիզման ճամբար - թանգարանը։ Վերոնշեալ ուխտագնացութեան վայր ժամանումին , Ֆրանչիսկոս Պապ դիմաւորուեցաւ թանգարանի տնօրէնի կողմէ, ապա  հետիոտն մուտք գործեց համակեդրոնացման համալիր։ 

Ճամբարին  թիւ 11 կառոյց ուղղուելու ժամանակ, Սրբազան հայր կանգը առաւ ՝՝Կոչ՝՝ անուան հրապարակ՝  բանտարկեալներուն կախաղան հանուելու վայրը,  ուր   Սուրբ Մասսիմիլանօ Քոլպէ իր կեանքը նուիրեց փրկելու համար ընտանիքի հայր այլ բանտարկեալի մը կեանքը։ Նորին Սրբութիւնը այդ վայրին մէջ ամփոփուեցաւ լռելեան աղօթքի մէջ։ Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը որոշած է ոչ մէկ ճառ կամ խօսք արտասանել այդ այցելութեան ընթացքին համոզուած ըլլալով թէ որոշ ողբերգութիւններու դիմաց լռութիւնը շատ անգամ աւելի խօսուն է քան որեւէ խօսք։

Նշենք թէ թիւ 11 ճամբարին մէջ կը գտնուի  նաեւ սուրբ Մասսիմիլիանօ Քոլպէի խցիկը եւ թէ այս տարի կը նշուի Անոր  մարտիրոսութեան 75 ամեակը։­

Կառոյցի մուտքին, Սրբազան Հայրը  դիմաւորուեցաւ Լեհաստանի վարչապետ՝ Տիկին Պէաթա Մարիա Շիտլոյի կողմէ։ Ապա առանձնական հանդիպում ունեցաւ ողջակիզումէն վերապրած 10 անձնաւորութիւններու հետ, որոնցմէ վերջինը Սրբազան Հօր շնորհեց մոմ մը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ  մոմը վառելէ ետք զայն  նուիրեց՝ որպէս պարգեւ համակեդրոնացման ճամբարին, ապա ծածուկ աղօթք կատարեց։ Թիւ 11 կառոյց մտնելէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապը դիմաւորուեցաւ Ֆրանչիսկեան փոքրիկ եղբայրներուն միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորի կողմէ ապա միասնաբար մուտք գործեցին Սուրբ Քոլպէի խցիկ, ուր  ՝ Ֆրանչիսկոս Պապ, պահ մը  ծածուկ աղօթք կատարելէ ետք իր ստորագրութիւնը զետեղեց կառոյցի յուշահամալիրի ոսկեմատեանին մէջ։

Աուշվիցի համակեդրոնացման ճամբարի այցելութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ ինքնաշարժով ուղղուեցաւ Պիրքէնաու  համակեդրոնացման ճամբար-թանգարան , ուր  դիմաւորուեցաւ Լեհաստանի վարչապետին եւ հրեաներու ողջակիզման թանգարանի տնօրէնի կողմէ, ներկայութեամբ շուրջ այլ հազար հիւրերու։

Շրջագայելով համակեդրոնացման վայրին մէջ  Սրբազան Հայրը կանգ առաւ զոհերու նուիրուած յուշաքարերուն  առջեւ, պահ մը ծածուկ աղօթք  կատարելով ապա վարած մոմ մը զետեղելով։

Զոհերու վերջին յուշաքարին դիմաց,  հրեաներու Ռաբունապետը,  հրէական լեզուով արտասանեց թիւ 130 սաղմոսը,  որմէ ետք  ողջակիզումի վերապրողներէն մին նոյն սաղմոսը  կարդաց լեհերէն լեզուով ։

Աուշվիցի եւ Պիրքէնաու համակեդրոնացման ճամբարներու  այցելութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնաթիռով կը վերադառնայ Քրաքովիա եւ կը քաշուի Քրաքովիայի արքեպիսկոպոսարան։








All the contents on this site are copyrighted ©.