2016-07-29 16:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Քրաքովի Մանկաբուժարանին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 29 Յուլիսի առաւօտուն Auschwitz-Birkenau հրեաներու ողջակիզումի համակեդրոնացման ճամբարները այցելելէ ետք, յետմիջօրէի ժամը 4-ին` Ֆրանչիսկոս Պապ Քրաքովիայի մէջ այցելեց Փրոքոչիմի Համալսարանական Մանկաբուժարանը որ Լեհաստանի ամենամեծ մանկաբուժարանը համարուած է, ուր ամէն տարի խնամք կը տարուի աւելի քան 30 հազար մանուկներուն։

Յայտնենք թէ 1991-ին Մանկաբուժարանը այցելած է նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը որուն Մատրան մէջ պահպանուած են նաեւ անոր մասունքները։ Մանկաբուժարանի հոգաբարձութիւնը վստահուած է ''Տէոնեան'' ուխտի հայրերուն։

Մանկաբուժարան ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Լեհաստանի վարչապետ` Տիկ Պէաթա Մարիա Շիտլոյի եւ Մանկաբուժարանի տնօրէնի կողմէ, 50 փոքրիկ հիւանդներու ու անոնց ծնողներու ներկայութեամբ։

Սրբազան Քահանայապետին բարի գալուստի Վարչապետին արտասանած խօսքէն ետք Նորին Սրբութիւնը հակիրճ ճառ մը արտասանեց որուն մէջ նշեց թէ չէր կրնար Քարքովիայի այցելութեան ծիրէն ներս չայցելել այս վայրը ու չհանդիպիլ հիւանդանոցի փոքրիկ հիւանդներուն։ 

''Կ՛ուզեմ կարենալ մօտիկ ըլլալ ամէն մէկ փոքրիկ հիւանդի, անոր անկողինի ոտքին, ողջագուրել զանոնք մի առ մի, ունկնդրել անոնցմէ ամէն մին ու ապա լռելեան մնալ այն հարցումներուն դիմաց որոնք անմիջական պատասխաններ չունին, եւ աղօթել'' ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով Աւետարանին ուր Յիսուս յաճախ կը հանդիպի հիւանդներուն ու անոնց կը հոգայ որպէս հոգատար Մայր մը։

''Որքան կ՛ուզենայի որ` որպէս քրիստոնեաներ, կարող ըլլայինք մօտիկ ըլլալ հիւանդներուն Յիսուսի նման, լռութեամբ, շոյանքով մը, աղօթքով։ Մեր ընկերութիւնը դժբախտաբար վարակուած է ''մնացորդացի'' մշակոյթէն որ հակառակ է ընկալութեան մշակոյթին։ Եւ այս մնացորդացի մշակոյթի զոհերն են նոյնինքն տկար անհատները'', ըսաւ Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց որոնք խնամք կը տանին փոքրիկ հիւանդներուն, այս մէկը նկատելով քաղաքակրթութեան, մարդկայնութեան եւ քրիստոնէութեան իսկական նշան, որ է ըսել ընկերութեան  ու քաղաքականութեան ուշադրութեան որպէս կեդրոն ընտրել կարիքաւոր անձերը։

Սրբազան Պապը հուսկ հրաւէր ուղղեց կրկնապատկելու ընկալումի մշակոյթի գործունէութիւնները որոնք ոգեւորուած են քրիստոնէական սիրով. ''սէր հանդէպ Խաչեալ Յիսուսին, Քրիստոսի մարմնին''­, ու հաստատեց թէ սիրով ծառայել անոնց որոնք կարիքը ունին օգնութեան մեզ կ՛աճեցնէ մարդկայնութեան մէջ ու մեզի կը բանայ յաւիտենական կեանքի ճամբան։

Ով որ ողորմութեան ներգործութիւններ կը կատարէ վախ չունի մահէն, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը ու քաջալերեց ներկաները յարատեւելու իրենց այս  նուիրական գործին մէջ անոնց վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւններ։

Շնորհակալ եմ բոլորիդ։ Ձեզ իմ հետս կը տանիմ, սրտիս ու աղօթքիս մէջ, ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ու խնդրեց որ չմոռնան աղօթել նաեւ իրեն համար։

Մանկաբուժարանին այցելութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ ուղղուեցաւ  ''Jordan a Błonia'' անուան տարածք՝  նախագահելու համար ԵՀՕ ճանապարհ խաչիի բարեպաշտական արարողութիւնը, որուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ երիտասարդներուն կ՛ուղղէ իր սրտի խօսքը։

Արարողութեան աւարտին,  առաքելական օրհնութիւնը  շնորհելէ ետք Սրբազան Քահանայապետը  կը վերադառնայ Քրաքովիայի արքեպիսկոպոսարան ուր ընթրիքէն  ետք արքեպիսկոպոսարանի պատուհանէն կ՝ ողջունէ հոն հաւաքուած խումբ մը հիւանդներ եւ երիտասարդներ։

Այսպէսով  վերջ կը գտնէ Ֆրանչիսկոս Պապին  Լեհաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան երրորդ օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.