2016-07-29 09:57:00

Օզվիեչիմ քաղաքն ու եկեղեցական կառոյցը


(Ռատիօ Վատիկան)  Օզվիեչիմ քաղաքը Լեհաստանի ամենէն  հին  քաղաքներէն մին է, որուն տարածքին վրայ Գերմանացիներու բռնատիրութեան ընթացքին կառուցուած են աշխարհի ամենէն մեծ համակեդրոնացման  Աուզվիչ – Պիրքենաու ճամբարները,  որոնց մէջ 1940-1945 թուականներուն մէկ միլիոն հարիւր հազար մարդ սպաննուած են։ 

Այսօր ՝Օզվիելչիմ քաղաքի ներկայ բնակչութեան թիւն է 40.000 եւ նկատուած է խաղաղութեան ի սպաս անթիւ ձեռնակներու վայր։

Քաղաքը մաս կը կազմէ Պիելսքօ Զիվեչ եկեղեցական թեմին,  որուն կաթողիկէ հաւատացեալներուն թիւը կը հաշուէ 721.000։ Թեմը կազմակերպուած է իր 210 ժողովրդապետութիւններով, ունի 525 թեմական քահանաներ, եւ 32 դաստիարակչական կառոյցներ։ Թեմին եպիսկոպոսն է գերապայծառ Ռոման Փինտել։    

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.