2016-07-29 11:17:00

Հայր Լոմպարտի. Քահանայապետը այսօր կը հանդիպի չարչարանքի խորհուրդին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, զրուցելով Ֆրանչիսկոս Պապին Լեհաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան մասին,  յայտնած է թէ Նորին Սրբութիւնը ուրբաթ 29 յուլիսին պիտի հանդիպի չարչարանքի խորհուրդին իր բոլոր երեւոյթներով։

Արդարեւ ըսած է Հայր Լոմպարտին, օրուան օրակարգը շատ յատկանշական է, Նորին Սրբութիւնը օրը պիտի սկսի Աուշվիցի համակեդրոնացման ճամբարները այցելելով, ուր` ատելութիւնէ բխած մարդասպան զայրոյթը պատճառած է մարդկային պատմութեան ամենէ սարսափելի ցաւերէն մին եւ ուր Նորին Սրբութիւնը կ՛ուզէ խորհիլ լռութեան մէջ եւ արտասուքով։

Օրուան երկրորդ կէսին Սրբազան Քահանայապետը կ՛այցելէ այլ տառապանքի վայր մը` Մանկաբուժարան մը. մանուկներ որոնք կը տառապին։ Այս տառապանքին իմաստ մը տալը դիւրին չէ, ըսաւ Հայր Լոմպարտի, ապա ակնարկեց օրուան երրորդ կարեւոր ձեռնարկին ԵՀՕ Ճանապարհ Խաչիի բարեպաշտական աղօթքին որ տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան եւ որուն ընդմէջէն, դիտել տուաւ Սուրբ Աթոռի բանբերը, կը բացայայտուին մարդկային տառապանքին բոլոր երեւոյթները, յատկապէս այս օրերուն որոնց ընթացքին մտահոգութիւնները, տառապանքները, ահաբեկչական արարքները, մահերն ու հակամարտութիւնները մեզ կը շրջապատեն ու դարձած են մեր առօրեայի փորձառութեան մաս։ 

Ապրիլ եւ խորհրդածել Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հայցելով Աստուծմէ օգնութիւն` որպէսզի այդ ճանապարհ խաչի ուղեւորութեամբ կարենանք պատասխաններ որոնել հաւատքի աչքերով։








All the contents on this site are copyrighted ©.