2016-07-29 09:59:00

Լեհաստան. Ֆրանչիսկոս Պապին նորապսակներուն հետ հանդիպումը։


(Ռատիօ Վատիկան) 28 Յուլիսի երեկոյեան, Լեհաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուայ աւարտին, Նորին Սրբութիւնը Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոսարանի պատուհանէն զրուցեց Արքեպիսկոպոսարանի տարածքին վրայ համախմբուած երիտասարդներուն եւ նորապսակ զոյգերուն հետ։

Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ այսօր քաջութիւն կ՛ուզէ ամուսնանալը եւ ընտանիք կազմելը որովհետեւ կեանքի մէջ յանձնառումը քաջութեան կը կարօտի։ Ապա շնորհաւորելով ներկաներուն քաջութիւնը Սրբազան Պապը` ամուսնութեան յաջողութեան համար յանձնարարեց երեք բառեր` Ներողութիւն, շնորհակալութիւն եւ ներում։ Այս բառերը, ըսաւ Սրբազան Պապը, կրնան ձեզ օգնել յառաջ ընդանալու համար եւ լաւապէս ապրելու ամուսնական կեանքը, հակառակ դժուարութիւններուն։

Նորին Սրբուիւնը ապա յորդորեց օրը չաւարտել գժտութեան մէջ մնալով, այլ հաշտութեամբ։ Անտարակոյս, ըսաւ Ան, այր ու կին կարող են վիճաբանիլ, ձայն բարձրացնել, ու անգամներ նաեւ պնակներ կը թռչին, սակայն մի վախնաք։ Ձեզի խորհուրդ մը կու տամ. Օրը երբեք մի աւարտէք առանց հաշտութեան։ Սրբազան Պապը հուսկ հրաւիրեց բոլոր ներկաները միասնաբար աղօթելու բոլոր ընտանիքներուն համար ու բոլոր անոնց որոնք ընտանիք պիտի կազմեն, հուսկ ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը անոնցմէ խնդրելով որ աղօթեն նաեւ իրեն համար։  








All the contents on this site are copyrighted ©.