2016-07-28 19:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ԵՀՕ հաւաքի մասնակցող երիտասարդներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 28 Յուլիս 2016-ի երեկոյեան Քրաքովիայի Պլոնիա անուամբ տարածքին վրայ տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ԵՀՕ  ընդունելութեան պաշտօնական արարողութիւնը  որուն սկիզբը տեղի ունեցաւ ''կանչուած ենք սրբութեան'' խորագիրով  երիտասարդական միջոցառում մը։ 

Նորին Սրբութիւնը հաւաքի վայր ժամանեց Քահանայապետական ինքնաշարժով եւ շրջան կատարեց այնտեղ համախմբուած 178 երկիրներ ներակայացնող 1 միլիոնէ աւելի երիտասարդներուն միջեւ որոնք մեծ խանդավառութեամբ ընդունեցան զինք։

Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրերուն մասնակցող երիտասարդներուն կողմէ Սրբազան Քահանայապետին բարի գալուստի արարողութեան սկիզբը, բարի գալուստի խօսքով  հանդէս եկաւ Կարդինալ Սթանիզլաւ Ճիվիչի ապա տեղի ունեցաւ երիտասարդներու թատերական ներկայացում, աւետարանական ու սուրբ գրային ընթերցումներ որոնց աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը ուղղեց երիտասարդներուն որուն սկիզբը ըսաւ.

Սիրելի երիտասարդներ բարի երեկոյ` վերջապէս կը հանդիպինք։ Շնորհակալ եմ այս ջերմ ընդունելութեան համար։ Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը կեդրոնացուց որոշ նիւթերու շուրջ որոնց շարքին ''բարեկամութիւնը''։ ԵՀՕ կը յատկանշեն Յիսուսին կենդանի ներկայութիւնը մեր մէջ եւ այս կը նշանակէ վերանորոգել մեր իղձը սիրով հետեւելու Անոր, ինչպէս նաեւ նորոգելու բարեկամութիւնը Յիսուսին հետ, որ կ՛ամրապնդէ նաեւ բարեկամութիւնը ընդմէջ երիտասարդներուն, փորձարկելու համար Աւետարանի ուրախութիւնը հակառակ բազմաթիւ դժուար եւ ցաւալի իրադարձութիւններուն ըսաւ Քահանայապետը եւ շեշտը դրաւ  ''Ողորմութիւն'' բառին վրայ։ ԵՀՕ բնաբանն է ''Երանի ողորմածներուն որովհետեւ ողորմութիւն պիտի գտնեն''։ Ողորմութիւնը երիտասարդի դիմագիծ ունի, որովհետեւ ողորմած սիրտ մը քաջութիւն ունի մէկդի դնելու հանգստաւէտ կեանքը եւ ընթանալու դէպի ուրիշը, ողջագուրելու զայն ու դառնալու ապաստան անոր որ տուն չունի, ըլլալու ընտանիք անոր որ գաղթական է, քնքշութիւն եւ գթութիւն արտայայտելու, հացը բեկանելու անոր հետ որ անօթի է, եւ ընկալելու փախստականն ու պանդուխտը։ Ողորմութիւն կը նշանակէ կարելիութիւն, ապագայ, յանձնառում, վստահութիւն­ բացուածք, հիւրընկալութիւն եւ գթութիւն'' ըսաւ նորին Սրբութիւնը ու ակնարկեց ''Կիրք ու կորովին'' որով երիտասարդները կ՛ապրին իրենց կեանքը։

Աւելի գեղեցիկ իրողութիւն չկայ այն պահէն երբ Յիսուս կը դպչի երիտասարդի մը սրտին եւ այս վերջինս կը դառնայ կարող մեծ գործեր իրականացնելու եւ իր երազներով ու հարցադրանքներով դիմադրելու բոլոր անոնց որոնք համոզուած են թէ իրողութիւնները չեն փոխուիր։

''Գեղեցիկ է ձեզ տեսնել այսպէս աշխոյժ'' յարեց Սրբազան Պապը ու հաստատեց թէ ''Եկեղեցին ձեզի կը նայի ու ձեզմէ կը սորվի''։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ զգուշացուց երիտասարդները ''կեղծ պատրանքներ վաճառողներու'' խաբկանքներէն, այնպէս ինչպէս քննադատեց այն երիտասարդները որոնք ժամանակէ առաջ թոշակի ելած կը թուին, տխուր են եւ իրենց կեանքը կ՛ապրին կարծես թէ արժէք մը չունենար'' ապա հրաւիրեց դիմել Յիսուսին` ''Ան որ կարող է կեանքի իսկական կորովը նուիրել, որ մեզ կը մղէ չգոհանալու քիչով, պարգեւելու լաւագոյնը, մեզ կ՛օգնէ ոտքի կանգնելու ամէն անգամ որ յաղթահարուած կը զգանք մենք զմեզ, ապա մեզ կը հրաւիրէ մեր հայեացքը ուղղելու դէպի վեր ու երազելու բարձունքները։

Յիսուս, ըսաւ Քահանայապետը, կ՛ուզէ մտնել մեր տան մէջ, այնպէս ինչպէս ըրաւ Մարիամի եւ Մարթայի հետ, քաջութիւնը ունենաք ունկնդրելու Անոր խօսքերը եւ Անոր վստահելու - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց ''հիւրընկալութեան''։

''Ով որ Յիսուսը կ՛ընկալէ կը սորվի սիրել Յիսուսի նման'' շեշտեց Սրբազան Պապը իւրաքանչիւր երիտասարդին հարց տալով` ''դուն լիակատար կեանք կը փափաքի՞ս. Ուրեմն սկսիր յուզուիլ։ Որովհետեւ երջանկութիւնը կը ծլի եւ կը ծաղկի ողորմութեան մէջ''։ Ֆ

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւէր ուղղեց երիտասարդներուն  ''նետուելու ողորմութեան խիզախութեան մէջ, կամուրջներ կառուցելու եւ պատեր քանդելու արկածախնդրութեան մէջ, օգնութեան հասնելու աղքատին ու լքուածին, անոր որ իր կեանքին համար իմաստ չի գտնէր, ունկնդրելու անոնք որոնք չենք հասկնար, որոնք կու գան այլ մշակոյթէ, այլ ազգութենէ եւ նոյնիսկ անոնք որոնք մեզի վախ կը պատճառեն որովհետեւ կը կարծենք թէ մեզի գէշութիւն կարող են հասցնել։

Կեանքը լիացած է երբ զայն կ՛ապրինք ողորմութենէն մեկնելով` որ է նաեւ կեանքի ամենագեղեցիկ մասը - յարեց Սրբազան Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.