2016-07-28 12:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնի խօսքը երիտասարդներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) 27 Յուլիս 2016-ին սկիզբ առած Լեհաստանի առաքելական ճամբորդութեան օրակարգի վերջին հանգրուանը հանդիսացաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոսարանի տարածքին համակմբուած երիտասարդներուն հետ հանդիպումը, այնպէս ինչպէս սովոր էր ընել իր նախորդը` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը։

Այս առթիւ արտասանած սրտաբուխ խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ 22 ամեայ Լեհ երիտասարդի մը մասին որ գծագրական արուեստ ուսանած էր եւ իր գործը թողելով որպէս կամաւոր նուիրուած էր ԵՀՕ կազմակերպութիւնն։ Արդարեւ դրօշներու եւ այլ պաստառներու վրայ գծագրութիւնները անոր գործն են։
Այս աշխատանքին ընդմէջէն, ըսաւ Քահանայապետը, Ան վերագտաւ հաւատքը։ Նոյեմբերին սակայն բժիշկները անոր կ՛իմացնեն թէ քաղցկեղի հիւանդութիւն ունի եւ  հակառակ ոտքի անդամահատումին բժիշկները չկարողացան ուրիշ բան ընել։ Ան կը փափաքէր մասնակցիլ Պապին այս այցելութեան եւ տեղ ապահոված էր փոխադրակառքին վրայ որուն վրայ Քահանայապետը պիտի ճամբորդեր։ Սակայն Ան` իր մահկանացուն կնքեց 2 Յուլիսին։
Այս երիտասարդը մեծ բարիք ըրաւ ամէնուն ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց` ''լրութեան մէջ մտածել մեր այս ճանապարհորդութեան ընկերին որ աշխատած էր այս օրուան համար եւ ամէնքս լրութեան մէջ, սրտանց աղօթենք ամէն մին իր սրտին մէջ։ Ան ներկայ է մեր մէջ''։  

Ձեզմէ ոմանք կը մտածեն ''Այս Քահանայապետը մեր երեկոն կ՛ուզէ խանգարել։ Սակայն այս ճշմարտութիւնն է ու մենք պէտք է վարժուինք բարի եւ գէշ լուրերուն։ Կեանքը այսպէս է սիրելի երիտասարդներ։ Կարեւորը ուղիղ ճանապարհ ընտրելն է'' ըսաւ Քահանայապետը վստահեցնելով թէ ''մէկ բան կայ որուն վրայ տարակոյս չենք կրնար ունենալ, այն է` թէ այս մեր ընկերին հաւատքը զայն տարաւ Երկինք եւ ինք Յիսուսին հետն է ու մեզի կը նայի։ Այս մէկը շնորհք մըն է։ Շնորհակալութիւն յայտնենք Տիրոջ որ մեզի կը պարգեւէ արիութեան այսպիսի օրինակներ, քաջ երիտասարդներ որոնք մեզ կ՛օգնեն յառաջ երթալու կեանքին մէջ''։

''Մի վրդովիք։ Մի վրդովիք ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը կրկնելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կարգախօսը։ Աստուած մեծ է,Աստուած բարի է եւ մեզմէ իւրաքանչիւրս բարի բան ունի սրտին մէջ։ Այժմ ձեզմէ հրաժեշտ կ՛առնեմ եւ վաղը կը տեսնուինք։ Դուք ձեր պարտականութիւնը կատարեցէք` որ է աղմուկ ընել ամբողջ գիշեր եւ ցոյց տուէք ձեր քրիստոնէական ուրախութիւնը, այն ուրախութիւնը զոր Տէրը ձեզի կը շնորհէ որպէս Յիսուսին հետեւող հասարակութիւն մը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ հրաւիրեց աղօթել Ողջոյն քեզ Մարիամ աղռօթքը եւ ապա ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Յայտնենք թէ բացի Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոսարանի տարածքին Նորին Սրբութեան երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումէն, երեկոյեան` Ֆրանչիսկոս Պապ, ուղիղ երթերի միջոցաւ կապ պահեց նաեւ Քրաքովիայի մէջ համախմբուած Իտալացի երիտասարդներուն հետ ու պատասխանեց անոնցմէ երեքէն իրեն ուղղած հարցումներուն, խրախուսելով երիտասարդները միշտ յառաջ ընթանալ` վէրքերէն անդին ու յաղթել ''շաղակրատանքի ահաբեկչութիւնը'' հուսկ կառուցել խաղաղութեան կամուրջներ։  

Խաղաղութիւնը կամուրջներ կը կառուցէ, ատելութիւնը պատէր կը շինէ։ Դուն կեանքիդ մէջ պէտք ես ընտրել. Կամ կամուրջ  կառուցել կամ պատեր - ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ ''Պատերը կը բաժնեն, ատելութիւնը կ՛աճի…. իսկ կամուրջները կը միացնեն''։

''Երբ դուն բարեկամի մը ձեռքը կը սեղմես, դուն մարդկային կամուրջ կը ստեղծէս մինչ երբ դուն ուրիշը կը հարուածես, կամ զայն կը վիրաւորես դուն պատնէշ կը բարձրացնես'' ըսաւ Քահանայապետը ու շեշտեց ''ես կ՛ուզեմ տեսնել բազմաթիւ մարդկային կամուրջներ։ Այս է կեանքի ծրագիրը` կամուրջներ կառուցել, մարդկային կամուրջներ'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.