2016-07-28 17:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ԵՀՕ ընդունելութեան արարողութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 28 Յուլիս 2016-ին, Չեսթոքովայի Սրբավայրի տարածքին մատուցած` Լեհաստանի Քրիստոնէացաման 1050րդ տարեդարձին նուիրուած սրբազան արարողութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ վերադարձ կատարեց  Քրաքովիա ուր ապա երեկոյեան առաջին հանդիպումը ունեցաւ աշխարհի զանազան երկիրներէն` Քրաքովիայի մէջ համախմբուած երիտասարդներուն հետ, անոնց ուղղելով իր առաջին պատգամը։

Նախ Քան երիտասարդներուն հետ հանդիպումը, ժամը 17-ին Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոսարանի հրապարակի տարածքին, Քրաքովիայի քաղաքապետը Նորին Սրբութեան յանձնեց քաղաքին բանալիները, հուսկ Քաղաքապետն ու Քահանայապետը բարձրացան ելեկտրական փոխադրակառք, ընկերակցութեամբ 15 հիւանդ ու հաշմանդամ երիտասարդներուն ու միասնաբար ուղղուեցան Պլոնիա` ուր նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն հետ հանդիպումը։

Յայտնենք թէ Պլոնիա տարածքին վրայ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը 6 անգամ նախագահած է Սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են բազմահազար  հաւատացեալներ, թէեւ ամենակարեւորը հանդիսացած է 18 օգոստոս 2002-ին մատուցած սուրբ պատարագը որուն մասնակցած   են 2.5 միլիոն հաւատացեալներ։ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը եւս` 27 մայիս 2006-ին Լեհաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին  այդ վայրին մէջ հանդիպած է Լեհ երիտասարդներուն եւ նոյն վայրին մէջ` 28 Մայիսին, մատուցած է սուրբ պատարագի զոհը որուն մասնակցած են 1 միլիոն հաւատացեալներ։

Ֆրանչիսկոս Պապին Պլոնիա ժամանումէն առաջ նախատեսուած է ''կանչուած ենք սրբութեան'' խորագիրով  երիտասարդական միջոցառում մը։ 

Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրերուն մասնակցող երիտասարդներուն կողմէ Սրբազան Քահանայապետին բարի գալուստի արարողութիւնը սկիզբ կ՛առնէ Կարդինալ Ճիվիչի բարի գալուստի խօսքով որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ երիտասարդներու թատերական ներկայացում, աւետարանական ու սուրբ գրային ընթերցումներ ապա Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը։

Երիտասարդներու հետ հանդիպումը կ՛եզրափակուի Հայր մեր աղօթքով եւ Քահանայապետի օրհնութեամբ։

Նշենք թէ երիտասարդներու հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը վերադառնայ Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոսարան ուր ընթրիքէն ետք, Արքեպիսկոպոսարանի պատշգամէն  նախատեսուած է Քահանայապետի ողջոյնի խօսքը նորապսակ զոյգերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.