2016-07-28 11:19:00

Լեհաստանի Քրիստոնէացման 1050-րդ ամեակին նուիրուած գոհաբանական սուրբ պատարագ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 28 Յուլիս 2016-ին Սրբազան Քահանայապետը, Լեհաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս այցելութիւնը տուաւ Czestochowa-ի Սեւ Տիրամօր սրբավայրին ուր եւ ապա Սրբավայրի տարածքին հանդիսապետեց Լեհաստանի Քրիստոնէացման 1050-րդ ամեակին նուիրուած գոհաբանական սուրբ պատարագը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ եպիսկոպոսներ եւ Քահանաներ, Լեհաստանի Հանրապետութեան նախագահը եւ Պետական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումները  ուր Պօղոս առաքեալը կը խօսի ժամանակներու լրումի մասին եւ Աստուած աշխարհ կ՛ուղարկէ իր Միածին Որդին որ կը ծնի կինէ մը։ Այդ ժամանակներու լրումը, ըսաւ Քահանայապետը, շնորհքի պարգեւ մը եղաւ, Աստուած մեր ժամանակը լեցուց իր ողորմութեան առատութեամբ եւ բիւրեղ սիրով ընթացք տուաւ ժամանակներու լրումին։

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձ կատարեց թէ ինչպէս Աստուծոյ մարդեղութիւնը պատահեցաւ կնոջ մը միջոցաւ եւ առանց յաղթական երեւոյթներու։ Ան աշխարհ եկաւ ամենապարզ ձեւով, որպէս մանուկ մը, խոնարհութեան մէջ։ Սրբազան Քահանայապետ խորհրդածեց ապա Կանայի հարսանիքի մասին ուր Աստուծոյ Զօրութիւնը կը յայտնուի առաջին անգամ ապա հաստատեց թէ Աստուած մեզ կը փրկէ ինքզինք նուաստացնելով։

''Տէրը որ սրտով հեզ ու խոնարհ է կը նախընտրէ փոքրիկները որոնց կը յայտնէ երկնքի արքայութիւնը։ Անոնք կը հակառակին կեանքի ամբարտաւանութեան որ կու գայ աշխարհէն. Մանուկները կը խօսին Յիսուսի լեզուն` խոնարհ սէրը որ կ՛ազատագրէ։ Ասոր համար է որ Տէրը խոնարհ անձինք կ՛ընտրէ որպէսզի անոնք դառնան իրեն բանբերները'' ըսաւ Քահանայապետը եւ ակնարկեց Լեհ ազգի բազմաթիւ մարտիրոս զաւակներուն ու պարզ մարդոց որոնք կարողացան պարզութեամբ վկայել Տիրոջ սէրը եւ ասոնց շարքին Ողորմութիւնը հռչակողները` ինչպէս եղան Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Սրբուհի Ֆաուսթինան։

''Այս անձերու միջոցաւ  Տէրը իր Եկեղեցւոյ ու համայն մարդկութեան պարգեւեց անհամար շնորհքներ։ Նշանակալի է որ այս մկրտութեան տարեդարձը կը զուգադիպի ողորմութեան յոբելեանին'' ըսաւ ապա Քահանայապետը ու հրաւիրեց Լեհ հաւատացեալները գոհաբանութիւն յայտնելու Տիրոջ որ ''քալեց ձեր ժողովուրդին հետ, զայն առաջնորդելով''։

Ձեր պատմութիւնը խմորուած Աւետարանով, խաչով եւ Եկեղեցւոյ նկատմամբ հաւատարմութեամբ. ակնատես եղաւ անկեղծ հաւատքի դրական փոխանցումին` ընտանիքէ ընտանիք, հայրէն զաւակ ու յատկապէս Մայրերէն ու մեծ մայրիկներէն` որոնց շնորհակալ ըլլալու ենք, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնելով թէ ինք եկած է որպէս ուխտաւոր մեծարելու Բոլորին Մայրը ու հրաւիրեց ներկաները իրենց հայեացքը ուղղելու Անոր` որուն մէջ Աստուած կը ցոլայ եւ որ է սանդուխը որուն միջոցաւ Աստուած իջաւ մինչեւ մեր մօտ։

Մարիամի կեանքին մէջ կը նշմարենք այդ Աստուծմէ սիրուած մանկութիւնը որ նայեցաւ իր ծառայի հեզութեան ու խոնարհները բարձրացուց։ Ան թող շարունակէ ձեզի ցոյց տալ ճանապարհը ու ձեզ օգնէ կեանքին մէջ հիւսելու Աւետարանի խոնարհ ու պարզ միջնաթելը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու շեշտեց ''մօտիկութեան'' կարեւորութիւնը ըսելով ''Եազնա Կորայի մէջ ինչպէս Կանայի մէջ Մարիամ իր մօտիկութիւնը կը նուիրէ եւ մեզ կ՛օգնէ վերագտնելու այն ինչ որ կը պակսի կեանքի լիութեան համար։ Հիմա ինչպէս այն ատեն, Ան այս մէկը կ՛ընէ Մայրական հոգածութեամբ եւ կ՛ուզէ մեզ պահել միութեան մէջ։ Ձեր ժողովուրդը միութեան մէջ յաղթահարեց դժուար բազմաթիւ պահեր, այդ նոյն Մօր օգնութեամբ, թող գերազանցուին անցեալի վէրքերն ու սխալները ու բոլորին միջեւ ստեղծուի հաղորդութիւնը, ըլլայ ներքին ըլլայ արտաքին աշխարհին հետ, ու բնաւ կղզիացումի փորձութեան մէջ մի իյնաք։   

Տիրամայրը Կանայի մէջ ցոյց տուաւ թէ ինք հոգատար մայր է եւ թէ կը նշմարէ դժուար պահերը եւ համեստութեամբ կ։ընդառաջէ։ Ան ոչ սեփականատէր է եւ ոչ ալ դերակատար` այլ Մայր ու ծառայ է։ Անորմէ հայցենք շնորհքը որպէսի մերը դառնայ անոր զգայնութիւնը ու անոր կարիքաւորին ծառայութիւն մատուցելու երեւակայութիւնը, ինչպէս նաեւ ուրիշներուն համար կեանքը զոհելու գեղեցկութիւնը։ Ան որ է մեր ուրախութեան պատճառ, մեզի համար թող ընդունի հաւատարիմ ու բարի ծառաներ դառնալու շնորհքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.