2016-07-27 14:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Լեհաստան մեկնելէ առաջ աղօթեց Սուրբ ՅՊԲ-ի դամբարանին առջեւ


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 27 յուլիսին՝ առաւօտեան ժամը 10.00ին, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ գտնուող Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի դամբանը  եւ հոն  պահ մը լեռելեան աղօթք կատարեց։ 

Սրբազան Հայրը ապա ողջունեց խումբ մը հիւանդ մանուկներ ու անոնց հարազատները, որոնք ընկերացած էին Սան Փիթեր ընկերակացութեան անդամները։

Ժամը 13.30-ին,  Սանթա Մարթայի նստավայրէն  մեկնելու ժամանակ , Նորին Սրբութիւնը ողջունեց   զանազան ազգութեան պատկան, Իտալիա  ապաստան գտած անձնական փաստաթուղթերէ զուրկ 15   երիտասադնդեր, 9 տղայ  6 աղջիկ,  որոնք բարի ճամբորդութիւն մաղթեցին ֆրանչիսկոս Պապին, վստահեցնելով թէ իրենք եւս հոգեպէս կր միանան երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.