2016-07-27 17:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Ժամանեց Քրաքովիա – Այց Նախագահական Պալատ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկու ժամ տեւող ճանապարհորդութենէն մը ետք Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող ''Ալիթալայի'' ընկերութեան օդանաւը, 27 Յուլիս 2016-ի տեղական ժամով 16-ին վայրէջք կատարեց Քրաքովիայի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ –ի անուան օդակայան ուր տեղի ունեցաւ բարի գալուստի եւ Զինուորական յարգանքի արարողութիւնը, ի ներկայութեան Լեհաստանի Նախագահ` Տիար Անտրէյ Տուտայի եւ Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Սթանիզլաւ Ճիվիչի  ինչպէս նաեւ Պետական ու Եկեղեցական բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններու եւ աշխարհական հաւատացեալներու։

Զինուորական յարգանքի արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը ինքնաշարժներով ուղղուեցան Քրաքովիայի կեդրոն ու քաղաքի մուտքին Նորին Սրբութիւնը  բարձրացաւ ''Փափա Մոպիլէի - Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժի'' վրայ ու անով մուտք գործեց Քրաքովիա ուղղուելով դէպի Վավել համալիր, ուր զինք դիմաւորեցին Երկրի նախագահն ու կողակիցը որոնք Նորին Սրբութիւնը առաջնորդեցին Պատուոյ Սրահ ուր համախմբուած էին Երկրի Պետական ու Քաղաքացիական իշխանութիւնները ինչպէս նաեւ դիւանագիտական մարմինը ներկայացնող 800 պատուիրակներ։

Վավելի համալիրի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցան երկու Երկիրներու քայլերգերու կատարողութիւնները ապա Լեհաստանի Նախագահը բարի գալուստի խօսք ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապին որմէ ետք խօսք առաւ Նորին Սրբութիւնը ու արտասանեց Լեհաստան Ճամբորդութեան 10 ճառերէն առաջինը։

Յարգանքով կ՛ողջունեմ Պարոն նախագահը ու շնորհակալութիւն կը յայտնեմ անոր ինծի վերապահած ջերմ ընդունելութեան եւ բարի խօսքերուն համար ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ իր ճառին սկիզբը ողջունելով նաեւ բոլոր ներկաները։

Այս առաջին անգամն է որ կ՛այցելեմ Արեւելեան Եւրոպան եւ ուրախ եմ որ այս սկիզբ կ՛ունենայ Լեհաստանէն, որ իր զաւակներու շարքին ունեցաւ անմոռանալի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը, Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերու նախաձեռնողն ու հրահրողը։ Ան կը սիրէր խօսիլ Եւրոպայի մասին որ կը շնչէ իր երկու թոքերով. Եւրոպայի նոր մարդկայնութեան երազը ոգեւորուած է այդ երկու թոքերու ներդաշնակ եւ ստեղծագործ շունչով ու միասնական քաղաքակրթութեամբ` որ քրիստոնէութեան մէջ կը գտնէ իր ամենէ տոկուն արմատները - ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ապա անդրադարձաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի պատմութեան նկատմամբ ունեցած հմտութեան ու այդ պատմութեան ընդմէջէն ժողովուրդներու մարդկային ու հոգեւոր հարստութեան կարեւորումին ու մատնանշեց Լեհաստանի Քրիստոնէացման 1050-րդ տարեդարձին որ եղաւ, ըսաւ Քահանայապետը, ազգային միութեան զօրեղ պահ մը որ բացայայտեց թէ ինչպէս համաձայնութիւնը, նոյնիսկ գաղափարներու տարբերութեան մէջ, ապահով ճանապարհն է որ կը տանի դէպի Լեհ Ժողովուրդի հասարակաց բարիք։

Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց թէ կարելի չէ երկխօսութիւն հաստատել եթէ ամէն մին չի մեկնիր իր անձնական ինքնութենէն, ապա ակնարկեց Լեհաստանի պատմութեան ու այդ պատմութեան հայող բարի եւ գէշ յիշատակներուն, ընդգծելով թէ Լեհաստանը կարողացաւ գերադասել լաւ յիշատակները ու մէկդի դնել գէշերը, հակառակ փոթորիկներուն ու խաւարին, հաստատ յոյս եւ վստահութիւն ունենալով Անոր վրայ որ կ՛առաջնորդէ ժողովուրդներու ճակատագիրը։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց գաղթականութեան երեւոյթին, որ կարիքը ունի իմաստութեան եւ ողորմութեան­, յաղթահարելու համար վախերը եւ իրականացնելու համար ընդհանուրին բարիքը, ըսաւ Ան, ընդգծելով թէ հարկաւոր է հասկնալ արտագաղթի դրդապատճառները այնպէս ինչպէս ապաստան տալ անոնց որոնք կը փախչին պատերազմներէն ու սովէն եւ զօրակցութիւն ցուցաբերել անոնց որոնք զրկուած են իրենց հիմնական իրաւունքներէն որոնց շարքին է նաեւ ազատ եւ ապահով օրէն կրօնը դաւանելու եւ ապրելու իրաւունքը։ Այս առնչութեամբ, Սրբազան Քահանայապետը հարկաւոր նկատեց զարգացնել միջազգային գետնի վրայ համագործակցութիւն եւ դրական փոխազդեցութիւն, պատերազմներու եւ հակամարտութիւններու լուծումներ որոնելու համար։ Այս կը նշանակէ, ըսաւ Ան, մեղմացնել տառապանքներն անոնց որոնք ստիպուած են թողուլ իրենց տուներն ու երկիրը ապա իմաստութեամբ գործել ի սպաս արդարութեան եւ խաղաղութեան, ի գործ դնելով մարդկային եւ քրիստոնէական արժէքները։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց Լեհ ազգին, յոյսով նայելու ապագային ու իր դիմաց կայացած հարցերուն, ընկերութեան զանազան խաւերու միջեւ յարգանքի մթնոլորտ մը ստեղծելով, որպէսզի կարելի դառնայ քաղաքացիական, տնտեսական եւ նոյնիսկ  ժողովրդագրական զարգացում, յառաջացնելով զաւակներուն բարի կեանք նուիրելու վստահութիւնը։ Այնպէս որ, շարունակեց Սրբազան Քահանայապետը­, անոնք ոչ միայն դիմագրաւեն հարցերը այլեւ վայելեն արարչութեան գեղեցկութիւնները, բարին որ մենք կարող պիտի ըլլանք տարածել, յոյսը որ մենք պիտի գիտնանք անոնց փոխանցել։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ շեշտը դրաւ Ընտանիքի կառոյցին վրայ որ է` ընկերութեան առաջին ու հիմնական կորիզը, ապա հաստատեց թէ կեանքը միշտ պէտք է պահպանուի եւ ընդունուի, սաղմէն մինչեւ բնական մահ եւ ամէնքս կանչուած ենք յարգել ու խնամել զայն։   Քահանայապետը ապա կոչ ուղղեց Պետութեան, Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան ընկերանալու բոլոր այն ընտանիքներուն որոնք դժուար կացութեան մէջ են, որպէսզի ոչ մէկ զաւակ նկատուի որպէս ծանրութիւն այլ որպէս պարգեւ, եւ դիւրաբեկ ու աղքատ անձերը լքուածութեան մէջ չմնան։

Պարոն նախագահ, ըսաւ ապա Քահանայապետը ,Լեհաստան Երկիրը կրնայ վստահիլ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համագործակցութեան վրայ, այնպէս ինչպէս եղած է անոր պատմութեան հոլովոյթին, որպէսզի Քրիստոնէութեան սկզբունքներու լոյսին տակ գիտնայ յառաջ ընթանալ իր ուղեւորութեան մէջ հաւատարիմ մնալով իր ամենաբարի աւանդութիւններուն յոյսով եւ վստահութեամբ լի` նոյնիսկ դժուար պահերու ընթացքին։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով ու ներկաներուն մաղթելով ամէն բարիք ապա հայցեց Չեսթոքովայի Տիրամօր հովանին Լեհաստան աշխարհի վրայ։

Նախագահական Պալատին մէջ ունեցած հանդիպման աւարտին Սրբազան Քահանայապետը Քրաքովիայի Մայր տաճարին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Լեհաստանի Եպիսկոպոսներուն հետ անոնց ուղղելով իր սրտի խօսքը եւ վերջ տալով Լեհաստանի առաքելական այցելութեան առաջին օրուան յայտագիրին։

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութեան որպէս նստավայր ընտրած է Քրաքովիայի առաջնորդարանը եւ ամէն օր երեկոյեան, առաջնորդարանի պատշգամէն, ան պիտի ողջունէ հրապարակը համախմբուած յատուկ հաւատացեալներու խումբեր,  ճիշդ այնպէս ինչպէս սովոր էր ընել իր նախորդը` սուրբ﹒ ՅՊԲ Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.