(Ռատիօ Վատիկան) Վավելի համալիրին մէջ գտնուող թագաւորական բերդին կից կը գտնուի Սթանիսլավ եւ Վենչեսլավօ սուրբերու մայր տաճարը, ուր Նորին Սրբութիւնը հանդիպում կ՛ունենայ Լեհաստանի Եպիսկոպոսներուն հետ։
Եկեղեցին կառուցուած է 1000 թուականին եւ նկատուած է Լեհաստանի ազգային սրբավայր, ուր՝ Սուրբ Սթանիսլավի դամբարանին մօտ կը կատարուէին իշխաններու թագադրութեան արարողութիւնները։
Քրաքովիայի Մայր տաճարին մէջ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետ մատուցած է իր անդրանիկ պատարագը։
Իսկ՝ Քրաքովիայի արքեպիսկոպոսարանը հիմնուած է 16 դարուն։
Ան յատուկ նշանակութիւն ունէր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի համար։ Անոր մէջ ձեռնադրուած է քահանայ եւ որպէս Քրաքովիայի թեմի առաջնորդ հոն ապրած է 1964 – 1978 տարիներուն։
Քահանայապետ ընտրուելէ ետք Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Քրաքովիա առաքելական այցելութեան ժամանակ , գիշերած է իր նոյն սենեակին մէջ ՝ երբ արքեպիսկոպոս էր, եւ որուն պատուհանէն ամէն երեկոյեան ողջունած է սենեակին դիմաց հաւաքուող երիտասարդները
All the contents on this site are copyrighted ©. |