2016-07-27 09:50:00

10-րդ օրն ըլլալով ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի կեդրոնը կը մնայ գրաւուած


Այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն, ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան յայտնած է, որ պարեկապահակային ծառայութեան  գունդի տարածքին մէջ իրաւապահներուն յանձնուած են զինուած խումբի անդամներ Գագիկ Եղիազարեանն ու Արամ Յակոբեանը:

«Տեղի ունեցած է փոխհրաձգութիւն, որուն հետեւանքով վիրաւորուած է իրաւապահներէն մէկը, ինչպէս նաեւ Պաւել Մանուկեանն ու անոր որդին`  Արամը: Երեքն ալ անմիջապէս տեղափոխուած են հիւանդանոց: Այս պահուն հրաձգութիւնը դադրած է եւ տեղի կ՛ունենան բանակցութիւններ` զինուած խումբի անդամներուն յանձնուիլը աւարտին հասցնելու համար», գրած է Աշոտ Ահարոնեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ:

Տեղի ունեցած փոխհրաձգութեան մասին հաղորդագրութիւն տարածած է նաեւ «Սասնայ ծռեր» ֆէյսպուքեան էջը` մասամբ հաստատելով ոստիկանութեան ներկայացուցիչին հրապարակած տեղեկատուութիւնը: Էջին վրայ նշուած է, որ ոստիկանները մուտք գործած են գունդի տարածք, վիրաւորուած են Պաւել Մանուկեանը, Արամ Մանուկեանը, Գէորգ Իրիցեանը եւ հաւանաբար խումբի այլ անդամներ:  «Ոստիկանները առեւանգած են Պաւելը, Արամը, Գագիկ Եղիազարեանը եւ խումբի եւս մէկ անդամ», ըսուած է «Սասնայ ծռեր» ֆէյսպուքեան էջի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն








All the contents on this site are copyrighted ©.