2016-07-26 23:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Թեքսասի թեմի երիտասարդներուն յղած պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Քրաքովիայի մէջ երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքին զուգահեռ,  Ամերիկայի  Թեքսաս նահանագի  Պրաունսվիլի թեմի երիտասարդները կազմակերպած են մեծ հանդիպում, նշելու համար  Յիսուսի մեծ մօր՝ Սրբուհի Աննայի տօնը։

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ Թեքսասի թեմի երիտասարդներուն  յղեց լսատեսողական պատգամ մը, որուն մէջ ըսաւ.

՝՝Սիրելի Պրաունսվիլի երիտասարդներ, գիտեմ որ հաւաքուած էք Թեքսասի մէջ, որ շատ մօտ է Մեքսիքոյի եւ Լատին Ամերիկիոյ ։ Գիտեմ որ հաւաքուած էք՝  հոգեպէս միանալու Քրաքովիայի երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքի երիտասարդներուն։ Կ՝ուզեմ ձեր մօտ գտնուիլ, եւ կ՝ուզեմ յորդորել  միշտ յառաջ նայիլ, հորիզոնը նայելով եւ առանց թոյլ տալու,   որ կեանքը ձեր դիմաց  պատնէշներ դնէ՝՝։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ քաջալերեց ապա Թեքսասի երիտասարդները, քաջութիւնը ունենալու  միշտ առ աւելին  կամենալ,  միեւնոյն ժամանակ չի մոռնալ իրենց  նախահայրերուն ՝ հայրերուն , ծնողաց  թողած ժառանգութիւնն ու ապրած հաւատքը, որոնք կը գտնուին  իրենց ձեռքերուն մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսեց երիտասարդները, իրենց կեանքը ապրելու ուրիշներուն բարիք գործելով,   շեշտելով ՝ թէ այսօր աշխարհին մէջ մրցոյթ մը կայ , որուն մէջ տեղ չի կայ  տեղապահ խաղացողներուն ,  ''կամ կը խաղաս որպէս տիտղոսաւոր, որպէս դերակատար  եւ կամ   դուրս ես խաղէն'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց

՝՝Աստուած քեզ կը կանչէ պտղաբեր ըլլալու։ Ան կը կանչէ յոյս ստեղծելու, ողորմութիւն ստանալու եւ ողորմութիւն շնորհելու։ Քեզ կը կանչէ երջանիկ ըլլալու եւ  չի վախնալու , Այս է կեանքը՝՝։

Ֆրանչիսկոս Պապ   պատգամը աւարտեց երիտասարդներուն մաղթելով գեղեցիկ հանդիպում՝ միացած Քրաքովիայի մէջ հաւաքուած երիտասարդներուն,  եւ միշտ յառաջ՝ եռանդով  ընթանալու։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.