2016-07-26 12:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Աշխարհին նուիրենք Յիսուսի անունով միացած բազմաթիւ ցեղերու խճանկար''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սիրելի երիտասարդներ` աշխարհին նուիրենք Յիսուսի անունով միացած` բազմաթիւ ցեղերու, մշակոյթներու եւ ժողովուրդներու խճանկար մը #Krakow2016''։ Այսպէս գրած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 25 Յուլիս 2016-ին հրատարակած երկրորդ թուիթին մէջ, հրաւիրելով Քրաքովիա համախմբուած երիտասարդները, իրենց այդ հաւաքով, Յիսուսի անունով վկայելու եղբայրութիւն, սէր եւ միութիւն։

Իսկ առաջին թուիթին մէջ Սրբազան Քահանայապետը գրած էր.

''Սիրելի երիտասարդներ կ՛օրհնեմ դէպի Քրաքովիա տանող ձեր քայլերը որպէսզի անոնք ըլլան հաւատքի եւ եղբայրութեան ուխտագնացութիւն։ . #Krakow2016''։








All the contents on this site are copyrighted ©.