2016-07-26 11:56:00

Միացեալ Նահանգներ պիտի օգնէ Սուրիայէն Հայաստան ժամանած փախստականներուն


Միացեալ Նահանգներ պիտի օգնէ Սուրիայէն Հայաստան ժամանած փախստականներուն:

Այս մասին «Ամերիկայի ձայն»-ին տրամադրած տեսագրութեան մէջ նշած է ԱՄՆ ազդեցիկ ծերակուտական Մարք Քըրք, որ խօսած է Հայաստանին տրամադրուող ամերիկեան օգնութեան կարեւորութեան մասին: Քըրք մեծ աշխատանք տարած է Հայաստանին ԱՄՆ-ի օգնութեան ծաւալը աւելցնելու ուղղութեամբ. «2017 թուականին Ծերակոյտի ընդունած որոշմամբ Հայաստանին պիտի տրամադրուի 25 միլիոն տոլարի օգնութիւն, որ 3 միլիոն տոլարով աւելի է, քան նախորդ տարուայ ամերիկեան օգնութիւնը Հայաստանին»:

Ծերակուտականի խօսքով, Հայաստանին օգնութեան ծաւալը աւելցնելու իր պահանջքը յառաջացած է ինչպէս իր հայրենի Իլլինոյ նահանգի հայ համայնքի պահանջքով այդպէս ալ` ստեղծուած իրավիճակով. «Այդ օգնութիւնը թոյլ կու տայ նաեւ շարունակել ականազերծման աշխատանքները, որ լուրջ խնդիր է տարածաշրջանին համար»:

Ծերակուտական Քըրքի աշխատանքը յատուկ ուշադրութեան արժանացած է ԱՄՆ-ի հայ համայնքին կողմէ: Ամերիկայի հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայըն Արթունի կարեւոր կը համարէ ծերակուտական Քըրքի դերը հայս-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման գործին. «Ծերակուտական Քըրք կ՛առանձնանայ իբրեւ այնպիսի գործիչ մը, որ ջանք չի խնայեր, որպէսզի ապահովէ Հայաստանին եւ Ղարաբաղին ամերիկեան օգնութեան ապահովումը, ինչպէս նաեւ` Հայաստան ժամանած փախստականներու օգնութիւնը»:

Ծերակուտականին որոշման շնորհիւ, Սուրիայէն եւ Իրաքէն Հայաստան ժամանած փախստականները առաջին անգամ օգնութիւն պիտի ստանան նաեւ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ:

«Ես կը պայքարէի Հայաստան ժամանած փախստականներուն անհրաժեշտ օժանդակութիւն յատկացնելու համար, քանի որ Սուրիայէն եւ Իրաքէն փախստականներու ժամանելէն ետք Հայաստանի վրայ զգալի բեռ ինկած է եւ ան օգնութեան կարիքն ունի: Ալ չեմ ըսեր այն մասին, որ հայերը կը տուժեն պատերազմի վտանգէն եւ փակ սահմաններէն», – կը նշէ ծերակուտականը:








All the contents on this site are copyrighted ©.