2016-07-25 09:54:00

Ռայի Պատրիարք կը վերանորոգէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կոչը։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հովուապետական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Արայա, ուր դիմաւորուեցաւ շրջանի բնակիչներուն եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխաններ Հիքմաթ Տիպի եւ Նաժի Ղարիոսի կողմէ:

Ռայի պատրիարքը Արայայի Սայիտաթ Նաժաթ եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ շրջանի բնակիչները ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ:

Հանդիպումին ընթացքին ան շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական շրջանակները պատասխանատու են նախագահական ընտրութիւն կատարելու, «ինչպէս որ բոլորս պատասխանատու ենք Լիբանանը պահպանելու, զայն հեռու պահելու փտածութենէ եւ վերջ տալու լիբանանցիներու արտագաղթին», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Շուէյթ, ուր կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն պահպանելու լիբանանեան գոյացութիւնը  եւ իրարու նկատմամբ յարգալիր վերաբերում ցուցաբերելու:

Այն Մուաֆաքի մէջ Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ներկայիս բոլոր լիբանանցիները կը փափաքին իմանալ ամէն ինչ, բացի Աստուծոյ զօրութենէն` աւելցնելով, որ անիկա Լիբանանի համար վտանգաւոր է:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի տագնապին լուծման բանալին նախագահական ընտրութիւնն է եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքին վերաշխուժացումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.