2016-07-25 10:01:00

ՊՊԾ գունդի գրոհին 9-րդ օրը. Իրավիճակը Խորենացի փողոցին մէջ


Շուրջ 200 ժամ անցած է Երեւանի Խորենացի փողոցին մէջ տեղի ունեցած միջադէպէն, ուր զինուած խումբը գրոհով վերցուցած է ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդը:

Գիշերը Խորենացի փողոցին մէջ հանգիստ ու խաղաղ անցած է, այս պահուն փողոցի այդ հատուածին մէջ քիչ մարդ կայ, անոնք արեւածագը դիմաւորած են Խորենացի փողոցին մէջ, կը հաղորդէ News.am-ը:

Երէկ երեկոյեան կրկին մեծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր Խորենացի փողոցին մէջ. այստեղ տեղի ունեցած է հանրահաւաք, ուր ելոյթ ունեցած են Ալէք Ենիգոմշեանը, դերասանուհի Թամար Յովհաննիսեանը, «Հայազն» կուսակցութեան անդամ Արմէն Յովհաննիսեանը, քաղաքագէտ Անդրիաս Ղուկասեանը, «Արձագանք» սթուտիոյի հիմնադիր Եղիշէ Պետրոսեանը, ԱԻՄ նախագահ Պարոյր Հայրիկեանը:

Մինչ այդ ոստիկանութեան ՊՊԾ գունդի տարածք մտած զինուած խումբը այրած է գունդի ծառայողական մեքենաներէն մէկը եւ վառուող մեքենան դուրս բերած է փողոց: Ենիգոմշեան յայտարարած է, որ մեքենան այրելը բողոքի նշան էր, քանի որ զինեալները զրկած են ուտելիքէ, բժշկական օգնութենէ, անջատած են գունդի ելեկտրամատակարարումը: Այդուհանդերձ, ըստ անոր, բանակցութիւնները կը շարունակուին: Բանակցութիւնները շարունակուելու մասին յայտարարած է նաեւ Վիտալի Բալասանեան:

Յայտնի դարձած է, թէ ով պիտի փոխարինէ Արցախի հերոս, ԱԺ պատգամաւոր Վիտալի Բալասանեանին «Սասնայ ծռեր»-ուն եւ իշխանութիւններուն միջեւ բանակցութիւններուն:  Նախաձեռնող խումբի անդամներէն մէկը մեր թղթակցին յայտնած է, թէ նոր բանակցողը Սիսիանի «Սիսական» ջոկատի հրամանատար Աշոտ Մինասեանն է` «Աշոտ երկաթ»-ը:

Երեւանի Խորենացի փողոցէն քաղաքացիական հագուստով անձիք քիչ առաջ տղամարդ մը բերման ենթարկած են: Ալէք Ենիգոմշեան յայտարարած է, որ բերման ենթարկուածը Տիգրան Աւագեանն է:

Երէկ Խորենացի փողոցի վրայ էր նաեւ Երեւանի փոխոստիկանապետ, գնդապետ Վալերի Օսիպեանը, որը գրեթէ եօթ օր զինուած խումբին քով պատանդ էր:

Նշենք, որ Օսիպեանն ու ՀՀ փոխոստիկանապետ Վարդան Եղիազարեանը վերջին պատանդներն էին, որոնք «Սասնայ ծռեր» խումբը ազատ արձակած էր Յուլիսի 23-ին։

Քաղուած Եռագոյնէն








All the contents on this site are copyrighted ©.