2016-07-25 12:49:00

Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուածները խոշտանգումներու կ՛ենթարկուին. Amnesty International


Amnesty International իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը համոզիչ ապացոյցներ հաւաքած է՝ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած անձերը երկրի պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական կալանավայրերուն մէջ ծեծի եւ խոշտանգումներու, ինչպէս նաեւ բռնաբարութեան կ՛ենթարկուին, կը հաղորդէ Tert.am-ը:

Կազմակերպութիւնը կոչ կ՛ընէ անյապաղ հնարաւորութիւն ընձեռելու անկախ դիտորդներուն շփուելու յեղաշրջման փորձի հետեւանքով ձերբակալուած անձերու հետ, որոնք կը գտնուին երկրի բոլոր կալանավայրերուն մէջ` ոստիկանական բաժանիններու, մարզական կեդրոններու եւ դատարաններու:

Ինչպէս կը նշուի կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ, աւելի քան 10 000 մարդ ձերբակալուած է ռազմական յեղաշրջման փորձի ձախողումէն ետք:

Amnesty International -ը հաւաստի տեղեկութիւններ ունի, որ թուրք ոստիկանները Անգարայի եւ Սթամպուլի մէջ կալանաւորները 48 ժամ կը պահեն լարուած վիճակի մէջ` զրկելով զանոնք սնունդէ, ջուրէ եւ բուժօգնութենէ, ինչպէս նաեւ սպառնալով ու վիրաւորելով զանոնք: Վատագոյն պարագային որոշ մարդիկ ծեծի եւ խոշտանգումներու, ինչպէս նաեւ բռնաբարութեան կ՛ենթարկուին:

Յիշեցնենք, որ շաբաթ Թուրքիոյ կառավարութիւնը արտակարգ դրութիւն յայտարարած է երկրին մէջ, որուն պատճառով ձերբակալուող անձերուն թիւը կրնայ աճիլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.