2016-07-25 10:32:00

Երիտասարդութեան համաշխարհային 31-րդ օրուայ պաշտօնական բացումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 26 Յուլիս 2016-ի երեկոյեան 17.30-ին, Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Սթանիզլաւ Ճիվիչի գլխաւորած Սուրբ պատարագի արարողութեամբ, պաշտօնական բացումը կը կատարուի Երիտասարդութեան համաշխարհային 31-րդ հաւաքին, որուն այս տարուայ բնաբանն է ''Երանի Ողորմածներուն որովհետեւ ողորմութիւն պիտի ընդունին'' եւ որ քաղուած Մատթէոսի Աւետարանի հինգերորդ գլուխէն եօթներորդ համար։

Սոյն հաւաքի ծիրէն ներս, Ողորմութեան Յոբելենական տարւոյն առթիւ, այդ օրերուն երիտասարդները պիտի նշեն իրենց յոբելենական տարին, այնպէս ինչպէս յայտնեց նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը, Կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի աւարտին երիտասարդներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ։

Յայտնենք թէ հաւաքը կ՛երկարի մինչեւ Կիրակի 31 Յուլիս 2016 եւ կ՛եզրափակուի Ֆրանչիսկոս Պապին մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեամբ։ 

Նորին Սրբութիւնը արդարեւ Քրաքովիա կը ժամանէ 27 Յուլիսի յետմիջօրէին իր մասնակցութիւնը բերելու վերոնշեալ հաւաքին։

Երիտասարդութեան համաշխարհային 31-րդ օրուան առթիւ Քրաքովիա ժամանած են նաեւ հայ կաթողիկէ երիտասարդներէ կազմուած 350 հոգինոց խումբ մը որոնք ապա իրենց գործօն մասնակցութիւնը պիտի բերեն երիտասարդական այս հաւաքի ծիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկներուն եւ աղօթքներուն։

Հայ երիտասարդներուն կ՛ընկերանան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կղերականներ­, առաջնորդութեամբ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ Արհ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.