2016-07-25 09:32:00

Եկեղեցական գիտելիքներ Գ. Շաբաթ Վարդավառէն ետք (24- 31 Յուլիս 2016)


Վարդավառի երրորդ շաբաթը դարձեալ կու գան Հին Կտակարանի սուրբերը շաղուելու քրիստոնեայ սուրբերու հետ։ Ասիկա յատկանիշն է արեւելեան ծէսերու։

Երկուշաբթի օրը, 25 Յուլիսին, կը տօնենք Եօթը Մակաբայեցի եղբայրները եւ իրենց մայրը` Շամունէ, որոնք նահատակուեցան Քրիստոսէ երկու դար առաջ, Անտիոքոս թագաւորի օրով։ Թէեւ հրէական Սուրբ Գրքի մէջ Մակաբայեցւոց երկու գրքերը գոյութիւն չունին, սակայն հրէական պատմութեան հերոսներէն կը նկատուին այս մարտիրոսները, որոնք, յարգելու համար իրենց օրինական պարտականութիւնները, յանձն առին ամենասաստիկ չարչարանքները եւ տեղի չտուին անօրէն թագաւորին սադրանքներուն. Անոնք մէկիկ մէկիկ, իրարու ետեւէ նահատակուեցան. Իսկ ամենավերջը` կեանքը զոհեց իրենց մայրը, որ նախապէս ջերմօրէն կը յորդորէր իր զաւակները տեղի չտալու բռնաւորին խոստումներուն։ Իրենց հետ նահատակուեցաւ նաեւ Եղիազար իննիսունամեայ քահանան։ Անոնց պատմութիւնը կարելի է կարդալ Սուրբ Գրքի Մակաբայեցւոց երկրորդ գրքին մէջ։

Երեքշաբթի, 26 Յուլիսին կը տօնենք Հռոմի Եկեղեցիէն` չորս սրբուհիներ, մայր մը եւ իր երեք առջիկները. Մօր անունն է Սօփիա – կամ Սօֆիա – որ կը նշանակէ յունարէն լեզուով` իմաստութիւն, իսկ երեք աղջիկներու անուններն են. Պիսդիս, Էլպիս եւ Ագապի, ինչ որ դարձեալ յունարէն լեզուով կը նշանակէ` հաւատք, յոյս եւ սէր։ Անոնք կ՚ապրէին Հռոմի մօտակայ քաղաքի մը մէջ, Ադրիանոս կայսեր օրով` երկրորդ դարուն սկիզբները։ Անտիոքոս անունով հեթանոս իշխան մը ուզեց ամուսնանալ աղջիկներէն մէկուն հետ. Մայրը մերժեց եւ ի վերջոյ ստիպուեցաւ յայտնել ընտանիքին քրիստոնեայ ըլլալը։ երեք աղջիկներն ալ ենթարկուեցան սոսկալի տանջանքներու եւ նահատակուեցան մէկը միւսին ետեւէն։ Ի վերջոյ մայրն ալ ցաւէն մեռաւ աղջիկներու գերեզմանին վրայ։

Հինգշաբթի 28  Յուլիսին, տօնն է Սուրբ Քրիստափոր վկային։ Ասիկա այն հսկան է որ կ՚ապրէր Սուրիոյ մէջ եւ պաշտպանն էր արքունիքին։ Երբ տեսաւ թէ իրենց հզօր թագաւորը կը վախնար Սատանայէն, եզրակացուց թէ Սատանան աւելի հզօր է քան թագաւորը եւ որոշեց ծառայել անոր, որով իր փափաքն էր ծառայել աշխարհի հզօրագոյն անձին։ Սակայն տեսաւ թէ սատանան ինքն ալ կը վախնար խաչէն, որոշեց թողուլ զայն եւս եւ ծառայել Քրիստոսի։ Տեսաւ ճգնաւոր մը որ կ՚աղօթէր խաչին առջեւ, անկէ ստացաւ մկրտութիւնը, յետ ուսանելու քրիստոնէական կրօնը։ Ճգնաւորը իրեն պաշտօն տուաւ գետի մէկ ափէն միւսը անցնել ուղեւորները։ Օր մը, մանուկ մը անցուցած ժամանակ` քիչ մնաց որ ընկղմէր. Երբ հասկցաւ որ ան է Քրիստոսը եւ թէ ինք շալկած էր զայն, անունը փոխեց եւ դարձաւ Քրիստափոր, այսինքն Քրիստոսը շալկող։ Ան պաշտպան սուրբն  է բոլոր ճամբորդներուն։ Իր հետ կը տօնուին նաեւ Կալինիկէ եւ Ակիւլինէ անունով երկու կիներ, որոնք ղրկուած էին թագաւորին կողմէ զինք մեղքի մէջ ձգելու համար. Սակայն ինք զիրենք դարձի բերաւ եւ հետագային անոնք նահատակուեցան։

Շաբաթ օրը՝ 30  Յուլիսին, տօնն է Աղեքսանդրիոյ Հայրապետ Ս. Պետրոսի եւ Աբիսողոմ  սարկաւագին. տօնն է նաեւ Աթանաս ու Կիւրեղ Աղեքսանդրիոյ Հայրապետներու,  եւ Ս. Գրիգոր Աստուածաբանին:

Կիրակի  31  Յուլիսը,  Դ.   Կիրակին է զկնի Վարդավառի:








All the contents on this site are copyrighted ©.