2016-07-25 09:51:00

Դամասկոս Պատրաստ է առանց նախապայմանի շարունակելու միջսուրիական երկխօսութիւնը։


Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Դամասկոս պատրաստ է առանց նախապայմանի շարունակելու միջսուրիական երկխօսութիւնը:

Նախարարութիւնը նշեց, որ կառավարութիւնը նախանձախնդիր է հասնելու սուրիական ճգնաժամի քաղաքական լուծումի մը, որ սուրիացի ժողովուրդին ձգտումներուն համահունչ է:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յոյս յայտնեց, որ երկխօսութիւնը յանգի ամբողջական լուծումի մը` առանց արտաքին միջամտութիւններու:

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ հետաքրքրութեամբ հետեւած է «ահաբեկչութեան դէմ պայքարի» ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.