2016-07-24 11:24:00

Պապը ԻՆՍԹԱԿՐԱՄ կայքի վրայ. Բաւ է ահաբեկչութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) «Կ՛աղօթեմ աշխարհի մէջ ահաբեկչութեան բոլոր զոհերուն համար։ Կը խնդրեմ դադրեցուցէք ահաբեկչութիւնը։  Ճանապարհ մըն է առանց ելքի»։ Այսպէս գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը` @Franciscus ԻՆՍԹԱԿՐԱՄ կայքին վրայ հրատարակած մէկ պատգամին մէջ, մինչ աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ կը շարունակուին ահաբեկչական արարքներ կատարուիլ ինչպէս Իրաքի մէջ որուն զոհ եղան տասը քաղաքացիներ եւ Աֆղանիստանի մէջ ուր գոհերու թիւը հասաւ 80-ի։ Նոյն պատգամին հետ հրապարակուած նկարը կը պատկերացնէ Ֆրանչիսկոս Պապը ամփոփուած աղօթքի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.