2016-07-22 09:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Քարմէն Հերնանտէսի մահուան ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 21 Յուլիս 2016-ին, Մատրիտի Ալմուտենա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ 85 ամեայ Քարմէն Հերնանտէսի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։

Քարմէն Հերնանտէս` Քիքօ Արկելլոյի հետ միասին հիմնադիրն է եկեղեցական ''Նէոքաթեքումենալ'' շարժումին։

Վերոնշեալ արարողութեան ընթացքին կարդացուեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին այս առթիւ Քիքօ Արկելլոյին յղած պատգամը որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը յայտնէ թէ յուզումով իմացաւ Տիկին Քարմէն Հերնանտէսի մահուան լուրը` ''որ հասաւ կեանքի վերջին հանգրուանին  երկարակեաց ճանապարհէ ետք, որ յատկանշուեցաւ անոր Յիսուսի հանդէպ ունեցած սիրով եւ առաքելական սլացքով։

Սրբազան Քահանայապետը ապա իր մօտիկութիւն յայտնեց համայն Նէոքաթեքումենալ հասարակութեան, այս տխուր պահին առթիւ­, ապա գոհութիւն յայտնեց Տիրոջ Քարմէն Հերնանտէսի Եկեղեցւոյ հանդէպ ցուցաբերած սիրոյ վկայութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ Աստուածային գթութեան յանձնեց ննջեցեալին հոգին որպէսզի զայն ընդունի իր Զատկուայ ուրախութեան մէջ, ապա քաջալերեց բոլոր անոնք որոնք ճանչցան Տիկ Քարմէն Հեռնանտէսը եւ բոլոր անոնք որոնք կը յարին Նէոքաթեքումեանլ շարժումին կենդանի պահելու անոր աւետարանումի իղձը, հաղորդութեամբ համագործակցելով եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն հետ։

Նորին Սրբութիւնը ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը ու յուղարկաւորութեան արարողութեան բոլոր մասնակցողներուն  շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.