2016-07-22 08:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապին միջազգային առաջին ճամբորդութեան տարեդարձը։


(Ռատիօ Վատիկան)  Մինչ Քահանայապետը կը պատրաստուի մեկնիլ Լեհաստան, Երիտասարդներու համաշխարհային 31 հաւաքին իր մասնակցութիւնը բերելու համար, 22 յուլիս 2016-ին կը նշուի երրորդ տարեդարձը` Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան առաջին միջազգային առաքելական ճամբորդութեան, որ զինք առաջնորդած էր Պրազիլի Ռիօ Տէ Ժանէյրօ, Երիտասարդութեան համաշխարհային 28-րդ օրուան առթիւ, որուն բնաբանն էր ''Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը ­(Մատթ 28,19)''։ 

Արդարեւ 2013-ի`  22 յուլիսի յետմիջօրէի ժամը 16-ին (Պրազիլի ժամով) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ժամանեց Պրազիլ` արժանանալով Պրազիլի ժողովուրդին արտակարգ ու խանդավառ ընդունելութեան, որուն Նորին Սրբութիւնը համապատասխանեց միեւնոյն ջերմութեամբ։

Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան հիմնական պատճառն էր երիտասարդութեան համաշխարհային օրը, ուր համայն աշխարհէն երիտասարդներ ''Փրկիչ Քրիստոսի բաց բազուկներէն հրապուրուած` եկած էին ապաստան գտնելու Անոր ձեռքերուն մէջ եւ ունկնդրելու Անոր յստակ ու զօրեղ կոչը ''գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը։''

Երիտասարդներ որ եկած էին տարբեր ցամաքամասերէ, կը խօսէին տարբեր լեզուներ, եւ կը պատկանէին այլազան մշակոյթներու, եւ Քրիստոսի մէջ կը գտնէին իրենց ձգտումներու համապատասխանը։

Քոփաքապանայի  տարածքին վրայ տեղի ունեցած ` ճանապարհ խաչի-ի արարողութեան մասնակցող մէկ ու կէս միլիոն երիտասարդներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսած էր.

''Հոս համախմբուած ենք Յիսուսին ուղեկցելու չարչարանքի եւ սիրոյ ճանապարհի վրայ` Խաչի ճանապարհը որ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ կարեւոր եւ զօրեղ պահերէն մին է։

Ապաշխարութեան Սուրբ Տարւոյն աւարտին երջանկայիշատակ ՅՊԲ քահանայապետը ձեզի յանձնելով խաչը ըսած էր ''զայն տարէք որպէս մարդկութեան հանդէպ Յիսուսի սիրոյ նշանը եւ ամենուրէք հռչակեցէք թէ միայն մեռած եւ Յարուցեալ Քրիստոսի մէջ կը գտնուի փրկութիւնն ու քաւութիւնը։

Այդ օրէն սկսեալ (1984) Խաչը, շրջեցաւ ամէն ցամաքամասերու մէջ եւ անցաւ մարդկային էութեան զանազան հանգրուաններէն։ Ոչ մէկը կարող է Յիսուսի Խաչին դպչիլ առանց ազդուելու անկէ եւ առանց որ իր կեանքէն ներս Յիսուսի Խաչէն մասնիկ մը ունենալու։

Ապա միեւնոյն տարածքին վրայ մատուցած եզրափակիչ սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ֆրանչիսկոս  Պապը վերյիշելով ՃՄՃ-ին կարգախօսը ''գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը ու մեկնելով այս նախադասութենէն ըսած էր` ''Յիսուս, այսօր եւս, ձեզմէ ամէն մէկուն կ՛ուղղէ նոյն պատուէրը`''Գացէք, առանց վախի, ծառայելու''։








All the contents on this site are copyrighted ©.