2016-07-22 09:38:00

Իսլամ լուսանկարիչը խաչքարին մէջ մարդու փրկութեան խորհուրդը կը տեսնէ


Յուլիս 24-ին Նկարիչներու միութեան մէջ կը բացուի յորդանանցի Ռամի Իսսեռի լուսանկարներու ցուցահանդէսը: Ան պարզապէս սիրահարուած է հայկական խաչքարերուն: Իսսեռի` Հայաստան առաջին այցելութենէն ետք  մօտ մէկ տարի  անցած է: Այս ընթացքին հասցուցած է բազմահազար լուսանկարներ առնել: Ատոնցմէ  մաս մը միայն կը ներկայացուի Հայաստանի, ապա արտերկրի մէջ:

Ռամի Իսսեռ իր 18 հազար լուսանկարներէն ընտրած է 40-ը` ցուցահանդէսին ներկայացնելու համար: Անցեալ գարնան որպէս զբօսաշրջիկ Հայաստան եկած Իսսեռ առաջին օրը յայտնաբերեց հետաքրքիր նախշերով ցայտաղբիւր մը:

«Երբ ես սկսայ տարբեր կողմերէն լուսանկարել ցայտաղբիւրը, մարդիկ զարմացած ինծի կը  նայէին: Յետոյ իմացայ, որ Հայաստանի մէջ այդպիսի խաչքարեր շատ ու ամէնուր կան, իսկ ես կը կարծէի, թէ այն միակն է»,- կը պատմէ Ռամի Իսսեռը:

Յորդանանցի դրամավարը լուսանկարչութեամբ կը զբաղուի առօրեայէն կտրուելու, հանգստանալու համար: Հայաստանեան թեմայով այս Ռամիի առաջին ցուցահանդէսը չէ:

«Լոյսեր Երեւանէն» շարքը արդէն ներկայացուցած է շարք մը երկիրներու մէջ: Հայաստան այցելութեան  ընթացքին Ռամին կը շրջի մարզերով ու կը լուսանկարէ խաչքարերը: Տեսած է` ինչպէս ատոնք կը պատրաստուին, լսած` ինչ նշանակութիւն ունին: Մահմետական լուսանկարիչը խաչքարին մէջ մարդու փրկութեան խորհուրդը  կը տեսնէ:

«Ես խաչքարը  քանի մը մասի կը բաժնեմ` թագը, գլուխը, մարմինը եւ հիմքը: Կեդրոնին մէջ քանդակուած խաչը սիրտն է: Վերի հատուածը դրախտը, կեդրոնական մասը մարդու երկրային կեանքն է: Մահէն յետոյ արդէն վերեւ` դրախտ  կը բարձրանայ: Խաչքարի պատրաստումը աղօթք է: Քանդակագործը այդպէս կապ կը ստեղծէ, կը շփուի Աստուծոյ հետ»,- yerkirmedia.am-ի փոխանցմամբ` կը մեկնաբանէ Ռամի Իսսեռ:

Ռամին կ’ըսէ, որ լուսանկարած է Հայաստանի խաչքարերու 80 տոկոսը: Հիացած է Նորադուսի խաչքարերով: Կը նախատեսուի հայաստանեան ցուցադրութենէն յետոյ լուսնկարները ներկայացնել նաեւ Տուպայի, Ֆրանսայի ու Միացեալ Նահանգներու մէջ: Կը ցանկայ, որ զբօսաշրջիկները Արարատին նայելէն, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան այցելելէն եւ ծիրանը ճաշակելէն բացի Հայաստան  գան նաեւ խաչքարեր տեսնելու համար:

«Խաչքարերը եւս անցած են ցեղասպանութեան ճանապարհ: Ատոնք ոչնչացուած են Ատրպէյճանի մէջ, աւելի առաջ` Թուրքիոյ մէջ: Խաչքարը պէտք է բանտարկուած չմնայ, այլ դուրս գայ Հայաստանի սահմաններէն: Այն պէտք է ներկայացուի ընկերային ցանցերու մէջ, գիրքերու, հեռուստատեսութեամբ, դպրոցներէն ներս»,- կ’ըսէ Ռամի Իսսեռ:

«Խաչքարի մը պատմութիւն» խորագիրով բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառքը կը բացուի Յուլիս 24-ին Նկարիչներու միութեան մէջ եւ կը գործէ մինչեւ Յուլիս 25` ժամը 16:ը, Հարցին, թէ բարեգործական ի՞նչ նպատակի պիտի ուղղուի հասոյթը, յորդանանացի լուսանկարիչը կը լռէ. իրենց մօտ ընդունուած չէ բարեգործութեան մասին խօսիլը: Միայն վայրը կը նշէ` Գիւմրի:

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.