2016-07-22 07:54:00

Թուրքիոյ մէջ 3 ամիսով յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն


Անգարայի մէջ կայացած ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ու անոր յաջորդած կառավարութեան նիստէն ետք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երկրին մէջ յայտարարած է արտակարգ դրութիւն 3 ամիսով: Իրաւական հիմնաւորման համար վկայակոչուած է Թուրքիոյ սահմանադրութեան 120-րդ յօդուածը, կը հաղորդէ  Ermenihaber.am-ը:

Նման քայլին դիմելը երկրի ղեկավարը կը մեկնաբանէ ռազմական յեղաշրջման անյաջող փորձի հետեւանքները յաղթահարելու, սպառնալիքը լիարժէքօրէն վերցնելու եւ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու նպատակով:

Ինչպէս կը յայտնէ թրքական «Dogan» լրատուական գործակալութիւնը, ըստ Էրդողանի յայտնած պաշտօնական տուեալներուն` Յուլիս 15-ին նախաձեռնուած պետական յեղաշրջման ձախողուած փորձի հետեւանքով սպաննուած է 246, վիրաւորուած` 1.536 մարդ:








All the contents on this site are copyrighted ©.