2016-07-22 13:31:00

՝՝Աստուծոյ դիմագիծին փնտռտուքը՝՝ խորագիրով առաքելական սահմանադրութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 22 յուլիսի՝ կէսօրին,  Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենակին մէջ ներկայացուեցաւ  Ֆրանչիսկոս Պապի  իգական սեռի հայեցողական կեանքի հայող  ՝՝Աստուծոյ դիմագիծին Փնտռտուքը՝՝ խորագիրով առաքելական սահմանադրութիւնը , որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը  կը խօսի պատշաճ կազմաւորումի մասին, հայեցողական կեանքի հասարակութիւններու յատուկ չափանիշերու մասին եւ վանքերու կամ հասարակութիւններու պատկանելիութեան մասին։

Վերոնշեալ վաւերաթուղթին մէջ պարունակուած են 12 նիւթերու մասին խորհրդածութիւններ հայող  հայեցողական կեանքին ապա կան 14  կանոնական յօդուածներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  առաքելական սահմանադրութեան մէջ  անձինք նուիրեալներուն կը յորդորէ  ըլլալ  ճրագ ու ջահ մարդկութեան՝ առաջնորդելու եւ ընկերանալու համար մարդկութեան ուղիին, եւ  կը հրաւիրէ զանոնք երբեք չի դադրիլ  Աստուած փնտռելէն ՝   աշխարհին փոխանցելով  Աւետարանը։

Առաքելական սահմանադրութեան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը շօշափէ հետեւեալ նիւթերը.

Կազմաւորում եւ աղօթք

Կրօնաւորուհիներու կազմաւորման համար ֆրանչիսկոս Պապ կը յորդորէ 9-10  տարի, որոնց   ընթացքին   կրօնաւորուհիները պէտք են  շարունակ  ապաշխարեն եւ դարձի գան։

Աղօթք։  ՝՝Աղօթքը,  անձինք նուիրեալներու կեանքին ծուծն է՝՝ կը հաստատէ  Սրբազան Հայրը, աւեցնելով թէ անիկա երբեք պէտք չէ ապրեցուի որպէս  ինքնիր մէջ փակուելու՝ վանականութիւն,  այլ հարկ է աղօթել   լայնօրէն բանալով սիրտերը ողջագուրելու համար բովանդակ  մարդկութիւնը,  յատուկօրէն տառապողները։

Սուրբ Գիրքի մտածական, Սուրբ Հաղորդութիւն  եւ ապաշխարութեան խորհուրդը։

Կրօնաւորուհիներուն,  առօրեայ կեանքին ընթացքին ըլլայ անոնց  առանցական պահերուն ըլլայ հասարակաց կեանքի մէջ՝ ֆրանչիսկոս Պապ կեդրոնական  կը համարէ Սուրբ Գիրքի մտածականը , Սուրբ Հաղորդութեան  Պաշտամունքն  ու Ապաշխարութեան խորհուրդի մօտեցումը։

Հասարակաց կեանքը որպէս եղբայրական կեանք

Հասարակութեան մէջ եղբայրական կեանք ապրիլը կարելի եւ գեղեցիկ է կը հաստատէ Սրբազան Հայրը՝  հակառակ մշակութային եւ տարբեր  սերունդներու պատկանելիութեան զանազանութեան, ընդգծելով թէ միութիւնն ու հաղորդութիւնը  միակերպութիւն չեն։

Դաշնակցութիւն եւ փակեալ կեանք

Նորին Սրբութիւնը կը շեշտէ դաշնակցութիւններու կարեւորութիւնը, որպէս միեւնոյն խարիզմը բաժնեկցող վանքերու միջեւ միութիւն եւ այս առընչութեամբ կը քաջալերէ այդ դաշնակցութիւններու ծաղկումը։ Մինչ՝ փակեալ կեանքը կը համարէ նշան՝ հարս Եկեղեցւոյ իր Տիրոջ հետ միութեան՝՝։

Աշխատանք եւ լռութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝անդրադառնայ կրօնաւորուհիներուն աշխատանքին եւ լռելեան կեանքին,  նկատելով աշխատանքը որպէս  մարդկութեան ծառայութիւն եւ որպէս աղքատներուն զօրակցութիւն։  Իսկ Լռութիւնը որպէս  Աստուծոյ խօսքին ունկնդրութիւն՝    ինքզինք դատարկելով  ,  հիւրընկալելու եւ տեղ բանալու Աստուծոյ ու անոր Խօսքին։

Թուայնացումի մշակոյթը եւ հաղորդամիջոցները։

Հաղորդամիջոցները՝ կազմաւորման եւ հաղորդագրութեան համար անհրաժեշտ  միջոցներն են կը գրէ Նորին Սրբութիւն յորդորելով սակայն՝ խոհեմ  զատորոշում կատարել, որպէսզի անոնք եղբայրական կեանքէն խուսափելու առիթ չի հանդիսանան  ինչպէս նաեւ չի խաթարեն կոչումը ։    

Ճգնաւոր կեանքը՝  սանդուխ դէպի Աստուած

Որպէս վերջին նիւթ Ֆրանչիսկոս Պապ կը շօշափէ ճգնաւոր կեանքի նիւթը, զայն համարելով որպէս հաւատարմութեան նշան համաշխարհայնացած եւ արմատներէ զուրկ աշխարհի մը մէջ, ճգնաւոր կեանքը  որպէս նշան մարդկութեան,  որ խոցուած  է բազմաթիւ բաժանումներէ, որպէս նշան մերձաւորին կողքին կանգնելու։

Ճգնաւոր կեանք չի նշանակեր խուսափիլ աշխարհէն ՝  փախչելու համար կեանքի վախէն, որովհետեւ կրօնաւորուհիները կը շարունակեն ապրիլ աշխարհին մէջ առանց աշխարհէն ըլլալու։ Անոնց մարգարէութիւնը առ այդ դառնալու է մարդկութեան համար յարատեւ բարեխօսութիւն Տիրոջ մօտ, մտիկ ընելով մնացորդացի մշակոյթի զոհերու ճիչին ու դառնալով սանդուխ,  որուն միջոցաւ Աստուած կ՛իջնէ հանդիպելու մարդուն եւ մարդը կը բարձրանայ հանդիպելու Աստուծոյ։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.